ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հացադուլը՝ իբրեւ բողոք արտայայտելու միջոց, իբրեւ հասարակական շարժում յառաջացնելու ու հանրութեան ուշադրութիւնը հարցի մը վրայ կեդրոնացնելու մարտավարութիւն, պատմականօրէն յայտնի է եւ բազմիցս օգտագործուած:
Ժամանակին, երիտասարդ տարիներուս, ես ալ հացադուլի դիմած եմ թրքական հիւպատոսարանին դէմ՝ պահանջելով, որ բացուի կողպուած դուռը ու թրքական կառավարութեան ներկայացուցիչ մը ստանայ պատրաստուած յուշագիրը, կամ՝ տեղական մամուլի կեդրոնի մը դէմ՝ պահանջելով ուշադրութիւն դարձնել Հայ Դատին ու մեր ժողովուրդի դէմ գործուած անարդարութեան:
Ընդհանրապէս, մեր կազմակերպածը երեքօրեայ ցուցական արարքներ էին, որոնք այսօր ալ կը գործադրուին մեր զաւակներուն կողմէ:
Երեք օրուան մէջ, կ՛ըսեն բժիշկները, հացադուլ կատարողին մարմինը կը սպառէ իր ամբարած ուժանիւթի պաշարները, իսկ չորրորդ օրը արդէն մարմինը կ՛ենթարկուի որոշ գործընթացներու, որոնք կրնան վտանգել ենթակային կենսական գործարանները:
Անժամկէտ հացադուլները աւելի ուշագրաւ են անշուշտ, եթէ ձեռնարկողին վճռականութիւնը կասկածելի չէ: Մահաթմա Կանտի հացադուլէն չմահացաւ, սակայն անոր համբաւը, քաղաքական գործին մէջ անոր ձեռք ձգած հռչակը քաղաքական մեծ իրադարձութեան մը հնչեղութիւնը տուին իր քայլին՝ գործնական ու շօշափելի արդիւնքներու յանգեցնելով զայն:
Երբեմն ալ, հետապնդուած նպատակին անյուսալիութիւնը բախած է հացադուլի դիմողին վճռականութեան՝ զայն հասցնելով մահուան, ինչպէս էր պարագան Իրլանտայի հանրապետական բանակի մարտիկ Պապի Սանտզի:
Րաֆֆի Յովհաննէսեանի քայլը այս պարունակէն դիտելով՝ կարելի է կատարել քանի մը նկատառումներ.
– Րաֆֆին ժամկէտի մասին որեւէ յստակացում չէ տուած, ինչ որ իր արարքին կու տայ խորհրդանշական արժէք, այլ ոչ իբրեւ քաղաքական վճռական քայլ:
– Րաֆֆիի քաղաքական կշիռը Հայաստանի մէջ դեռեւս այնպիսին չէ, որ զանգուածներ շարժէ ու ժողովրդային ալիք յառաջացնէ: Քաղաքական իր կեանքին մէջ տատանումներ դրսեւորելով՝ Րաֆֆի շարունակ կորսնցուցած է վարկանիշներ, զորս վերստին ձեռք ձգելու համար, պէտք է լուրջ ու հետեւողական քայլերու ձեռնարկէ: Հացադուլը, մանաւանդ՝ անորոշ ժամկէտով, նման քայլերու շարքին կարելի չէ դասել:
– Իր մարմինի դիմադրականութեան սահմանները չափելու գնով, Րաֆֆի կրնայ հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւել հացադուլի չորրորդ օրէն ետք, երբ կը գործէ մարդկային գութի գործօնը, երբ հայ մարդիկ կը սկսին մտահոգուելու անոր առողջութեամբ, որովհետեւ, անկախ քաղաքական իր վարկանիշէն, Րաֆֆին իբրեւ մարդ, իբրեւ գործիչ, իբրեւ հայրենասէր՝ սիրուած ու յարգուած է ժողովուրդին կողմէ:
Այս բոլոր նկատառումներով հանդերձ, Հայաստանի մէջ այն բոլոր բարեփոխումները, որոնց մասին կը խօսին ընդդիմադիր արմատական կամ չափաւոր ճակատները, անկարելի կը թուին իրականանալ սովորական քաղաքական գործընթացներով: Նոր մարտավարութիւններ, նոր պայքարի ձեւեր փնտռելը ինքնի՛ն գնահատելի է: