
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ Պոլսaոյ մէջ կայացած ու բարեփոխումներու նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ ունի կարգ մը հարցեր եւ իր կարելին պիտի ընէ զանոնք լուծելու հպմար։
«Հայաստանի հետ խնդիրներ ունինք։ Կ՛ուզենք կարգաւորել զանոնք եւ պարտաւոր ենք լուծել այդ խնդիրները, որովհետեւ Հայաստանը մեզի համար ունի հետեւեալ նշանակութիւնը. անցեալին այս հողերուն վրայ մեծ թիւով հայեր ապրած են, մեր պալատները հայերը կառուցած են, անոնք մեր հարստութիւնն էին։ Հայերու հեռացումով՝ մենք կորսնցուցինք մեր հարստութիւնը», ըսած է Արընչ։