
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Հայաստանեան արհմիութիւններ. հիմնախնդիրներ, մարտահրաւէրներ եւ կարիքներ» ուսումնասիրութեան հեղինակները Մարտ 15ին ներկայացուցած են իրենց կատարած ուսումնասիրութեան արդիւնքները, ըստ որոնց, Հայաստանի արհեստակցական միութիւններու գործունէութիւնը կը խոչընդոտեն շարք մը գործօններ, ինչպէս՝ երկրի հասարակական-տնտեսական վիճակը, աշխատատեղերու խնդիրը, ոչ կայացած ժողովրդավարութիւնը, մտայնութիւնը, ոչ անկախ դատական համակարգը, քաղաքական երկխօսութիւններու փորձի բացակայութիւնը, արհեստակցական միութիւններու՝ նախայարձակ ըլլալու կամքի եւ կարողութեան պակասը, արհեստակցական միութիւններու նիւթական խնդիրները, մարդկային միջոցներու պակասը եւ այլն:
Ընկերաբան Լիանա Պալեանի խօսքով, ուսումնասիրութեան արդիւնքով պարզուած է, թէ արհեստակցական միութիւնները ներկայիս չունին նախկին հեղինակութիւնը, իսկ անոր հիմնական պատճառը յետխորհրդային շրջանի արհեստակցական միութիւններու դերին կրճատումն է: Նաեւ, աշխատողները այսօր շատ կախեալ են գործատուէն եւ չեն անդամագրուիր արհեստակցական միութիւններուն՝ իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար:
Նախորդ տարուան տուեալներով, Հայաստանի մէջ արհեստակցական միութիւնները ունեցած են 251,157 անդամ, որ կը կազմէ աշխատող անձանց 23.4 տոկոսը: Մինչ, ԽՍՀՄ տարիներուն, բոլոր աշխատողները կը համարուէին արհեստակցական միութիւններու անդամներ:
Ըստ ուսումնասիրութիւններու, Հայաստանի մէջ արհեստակցական միութիւնը չընկալուիր իբրեւ աշխատողի իրաւունքի պաշտպան: Պատճառը այն է, որ երկրին մէջ հասարակութեան իրաւագիտակցութեան մակարդակը ցած է, աշխատողները տեղեակ չեն իրենց աշխատանքային իրաւունքներուն, օրէնքները գերակայ չեն եւ մեծ տարածում ունի կամայականութիւնը: Բացի ատկէ, արհեստակցական միութիւնները կրաւորական դիրք որդեգրած են. անոնք չեն մասնակցիր ցոյցերու, երթերու կամ հաւաքներու:
Ուսումնասիրութեան հեղինակները նաեւ պարզած են, թէ արհեստակցական միութիւնները կը խուսափին համագործակցելէ կուսակցութիւններու հետ: Անոր հիմնական պատճառներն են՝ կուսակցութիւններուն մեծ թիւը, արհեստակցական միութենականներու շարքերուն մէջ տարբեր կուսակցութիւններու պատկանող անդամներու առկայութիւնը ու համագործակցութեան փորձի բացակայութիւնը: Արհեստակցական միութիւնները այսօր չեն համագործակցիր նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ. անոնք քաղաքական կեանքին մէջ մեծ դերակատարութիւն չունին:
Հայաստանի Արհեստակցական միութիւններու դաշնակցութիւնը այսօր կը համախմբէ 24 ճիւղային միութիւն: Սակայն կան նաեւ այնպիսի արհեստակցական միութիւններ, որոնք կը ստեղծուին գործատուներու նախաձեռնութեամբ եւ չեն միաւորուած այդ դաշնակցութեան մէջ: