
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ինչպէս անցեալ տարի հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած էր թիւ 148 բանաձեւը, որուն շնորհիւ Մոնթեպելլոյէն անցնող թիւ 60 ազատուղիին վրայ յատուկ ցուցատախտակներ պիտի տեղադրուին՝ նշելով, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանը այցելելու համար ո՞ր թաղէն պէտք է դուրս գալ:
Մոնթեպելլոյի, Պիքնել զբօսայգիին մէջ գտնուող յուշարձանին վայրը առաջնորդող ցուցատախտակները պիտի դրուին ազատուղիին երկու ուղղութիւններուն վրայ (արեւելք եւ արեւմուտք), նախքան Կարֆիլտ եւ Ուիլքոքս թաղերուն ելքերը:
Ազատուղիին մէկ մասը պիտի փակուի Ուրբաթ, Ապրիլ 1ին, կ.ա. ժամը 11ին, ու պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ յատուկ արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ, ապա ցուցատախտակները պիտի տեղադրուին:
Յիշեցնենք, թէ Ցեղասպանութեան 1965ին հաստատուած սոյն յուշարձանը, 2015ին պատմական յուշարձանի մը կոչումը պիտի ստանայ: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.armenianmonument.org կայքը: