ՊԵԼՖԱՍԹ.- Բրիտանական «Channel 4» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ անցեալ տարի Մեքսիքայի ծոցին մէջ կենսոլորտային աղէտ մը պատճառած քարիւղի «Պի.Փի.» ընկերութեան գործունէութիւնը հետապնդող լրագրող Կրեկ Փալասթ բացայայտած է, թէ Միացեալ Նահանգներու հարաւարեւելեան ծովեզերեայ շրջաններուն ծանր հարուած մը հասցուցած ընկերութիւնը, նման արկած մը դիմագրաւած է նաեւ Կասպից ծովուն մէջ, երկրորդ դէպքէն 17 ամիս առաջ, սակայն կրցած է ցարդ ծածուկ պահել անոր ծալքերը:
Լրագրողը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ պետական հարուածով մը Ատրպէյճանի իշխանութեան գլուխը անցած Հայտար Ալիեւ, «Պի.Փի.»ի հետ կնքած էր համաձայնութիւն մը՝ Ատրպէյճանի քարիւղի շահագործման համար: Այս համաձայնութիւնը իրականացած է՝ Ալիեւին յանձնուած աւելի քան 2 միլիոն տոլարի կաշառքին շնորհիւ: