
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Չորեքշաբթի, Մարտ 30ի դաշնակցային ատեանի այն որոշումը, որ անհիմն կը նկատէր Ամերիկայի թրքական համախմբումին կողմէ Մինեսոթայի համալսարանին դէմ բացուած այն դատը, որ համալսարանէն կը պահանջէ իր ցեղասպանագիտութեան բաժանմունքի համացանցային կայքէն վերցնել Ամերիկայի թրքական համախմբումի կայքին մասին այն հաստատումները, թէ՝ թրքական կայքին վրայ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին տեղադրուած տեղեկութիւնները «վստահելի չեն»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտարարեց, թէ վճիռը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ ամերիկեան ատեանները կը մերժեն գործիքներ ըլլալ Թուրքիոյ ուրացման արշաւին: «Վճիռը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կարելի չէ ծածկել, որքա՛ն ալ Անգարա եւ անոր դաշնակիցները ծախսեն ատոր համար», աւելցուց ան:
Թրքական կողմը ցաւ յայտնեց այս վճիռին համար:
Յիշեցնենք, թէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը Փետրուար 1ին համալսարանին ի նպաստ նամակ մը ներկայացուցած է դատարանին՝ յիշեցնելով, թէ միութիւնը 1997ին միաձայնութեամբ հաստատած էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Թրքական կողմը, հակադարձելով այս նամակին՝ դիմած էր դատարան, որպէսզի նկատի չառնէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան դիրքորոշումը:
Միջին Արեւելքի ուսմանց խմբակը եւս նամակ մը յղած էր Ամերիկայի թրքական համախմբումին, որպէսզի ան ետ քաշէ Մինեսոթայի համալսարանին դէմ իր բացած դատը՝ նման քայլ մը ակադեմական տարրական ազատութիւններու ոտնակոխում նկատելով: