
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 5ին կայացած Կլենտէյլի ընտրութիւններուն, հայ թեկնածուներ Ռաֆֆի Մանուկեան, Վահէ Փիրումեան եւ Նայիրի Նահապետեան ստացան ամենաշատ քուէները, իսկ Փիրումեան, Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի վարչութեան անդամ ընտրուելով՝ հանդիսացաւ այս օրուան քաղաքի բոլոր ընտրութեանց ամենաշատ քուէ ստացող թեկնածուն՝ ապահովելով 11,335 քուէ:
Քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց արդիւնքները չեն վերջնականացած, որովհետեւ ամենաշատ քուէ ապահոված երեք թեկնածուներէն երկուքը հաւանականութիւն ունին ընտրուելու: Արդարեւ, ըստ քաղաքի քարտուղարին ոչ վերջնական տուեալներուն, Մանուկեան ստացած է 8968 քուէ, իսկ Տէյվ Ուիվըր ու Ճան Տրէյմըն, յաջորդաբար՝ 8833 ու 8806 քուէներ:
«Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս»ի կողմէ «մնայուն թեկնածու» որակուած Շահէ Քէօրօղլեանը ստացած է 6598 քուէ:
Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած են ներկայիս վարչութեան անդամ եղող Նայիրի Նահապետեանն ու Մերի Պոկըրը՝ ստանալով յաջորդաբար 9323 ու 7875 քուէներ: Այլ հայ թեկնածու մը՝ Վահիկ Ծատուրեան, ստացած է 6496 քուէ:
Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի վարչութեան անդամ վերընտրուած է նաեւ Թոնի Թարթակլիան՝ ապահովելով 10,968 քուէ:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող «Էս» առաջադրութիւնը եւս վաւերացուեցաւ՝ երաշխաւորելով քաղաքի վարժարաններուն եկամուտը, այս օրերուն, երբ նահանգին յատկացուելիք գումարներուն յանձնումը կասկածի տակ է: