
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան, երէկ, «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի կազմակերպած «Հարիւր հարց եւ հարիւր պատասխան» խորագիրը կրող քննարկման ժամանակ, անդրադարձաւ կամուրջները չայրելու մասին ՀՅԴին եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ուղղուած ՀԱԿի ներկայացուցիչ Դաւիթ Շահնազարեանի կոչին:
Դաւիթ Շահնազարեան երէկ հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, խօսելով ՀՅԴի ու Ժառանգութիւն կուսակցութեան մասին՝ յայտարարած էր, թէ այդ ուժերը «քաղաքականապէս ճիշդ չեն վարուիր՝ փորձելով այրել ՀԱԿի հետ իրենց բոլոր կամուրջները: «Նրանց այս մօտեցումը կը բերի մարկինալացման (լուսանցքայնացման-Խմբ.). կա՛մ կը յայտնուեն քաղաքական արխիւի մէջ, կա՛մ ալ ամբողջութեամբ կը յայտնուեն իշխանութեան դաշտում», ըսած է ան:
Վահան Յովհաննիսեան ըսաւ, թէ լաւ կ՛ըլլայ, որ այդ խորհուրդը ՀԱԿի ղեկավարներու գլխուն մէջ ծագէր այն ժամանակ, երբ իրենք անխնայ կերպով կը ծաղրէին ու կը շարունակեն ծաղրել Րաֆֆի Յովհաննիսեանը՝ իր քաղաքացիական շարժման ժամանակ:
«Ինչ ցեխ ասես՝ շպրտեցին, ինչ վարկաբեկիչ արտայայտութիւն ասես՝ ՀԱԿը Րաֆֆիի նկատմամբ արեց եւ հիմա ասում են՝ մի այրէք կամուրջները: Այ երբ Դաւիթ Շահնազարեանը Քա.Կէ.Պէ.ի պետ էր, իսկ ես էդ շէնքի ներքեւի նկուղում, բանտում նստած էի, թող այդ ժամանակ մտածէր կամուրջների մասին», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան:
Վահան Յովհաննիսեանը նշեց, որ ՀԱԿն ու իշխանութիւնը, հակառակ փոխադարձ հնչող հայհոյանքներուն եւ մեղադրանքներուն, աւելի շատ ընդհանրութիւններ ունին, որոնք աւելի ցայտուն կ՛երեւին թէ՛ Ղարաբաղեան, թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ:
Այսուհանդերձ ՀՅԴ ներկայացուցիչը շեշտեց, որ ինք չի բացառեր ընդդիմադիր միւս ուժերուն հետ համագործակցութեան կարելիութիւնը:
«Բայց ոչ մի իրեն յարգող քաղաքական ուժ չի կարող համագործակցել առաջնորդի շուրջ, առաջնորդի անուն ազգանուան շուրջ: Համագործակցել ծրագրի, կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) անելիքի, արդար ընտրութեան, խնդրեմ, բայց ոչ թէ այն հարցի շուրջ, թէ ով է լինելու ազգի պապան կամ պապին: Այդ թեմայով մենք որեւէ մէկի հետ համագործակցել չենք կարող», յայտնեց Յովհաննիսեան: