
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Ազատութիւն».- «Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը աւելի նպատակասլաց դիրքորոշում որդեգրէ հայ-թրքական արձանագրութիւններու հարցով եւ ճիշդ քայլերու նախաձեռնարկէ, ապա սահմանը շատ արագ կը բացուի», Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13ին յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին:
Պատասխանելով Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի հարցումին, թէ ի՞նչ էր հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վրայ ստորագրութիւն դնելու իմաստը, եթէ Անգարա մինչեւ այսօր կը շարունակէ զանոնք շաղկապել ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման հետ, Էրտողան յայտարարեց. «Թէեւ Թուրքիան ստանձնած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու պարտաւորութիւն, այդուամենայնիւ, մտադիր չէ անտեսել եղբայրական ժողովուրդի՝ Ատրպէյճանի շահերը»:
«Որոշակի քայլեր պէտք է ձեռնարկուին առկայ խոչընդոտները վերացնելու համար, որմէ ետք մենք պատրաստ ենք բանալու սահմանը: Այդ իսկ պատճառով, մենք միշտ հրաւիրած ենք ԵԱՀԿի Մինսկի խումբը՝ քննելու այս հարցը: Ռուսիան, Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները պէտք է մասնակցին այս խոչընդոտները յաղթահարելու աշխատանքներուն: Երբ անոնք իրականացնեն իրենց պարտաւորութիւնները, մենք կը կարենանք լուծում գտնել: Սակայն, եթէ նրանք արդիւնքներու չհասնին, ամէն ինչ բաւականին կը բարդանայ», յայտարարած է էրտողան:
Դիմելով ԵԽԽՎի անդամ պատգամաւորներուն՝ Էրտողան նաեւ մեղադրած է Հայաստանի կառավարութիւնը, հայ-թրքական արձանագրութիւններու գործընթացը ձգձգելու եւ Սփիւռքի մէջ այդ նպատակով բաւարար քայլերու չդիմելու յանցանքով:
«Կրնայ ըլլալ որ դուք լուռ չունիք, սակայն ես կ՛ուզեմ, որ իմանաք: Երբ մենք ստորագրեցինք արձանագրութիւնները, կ՛ուզէինք լուծել առկայ խնդիրները: Սակայն ես տեսայ, որ հայկական կողմը որեւէ քայլի չի ձեռնարկեր, երբ գործը կը հասնի իր սեփական Սփիւռքին: Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը կարենայ առաջ շարժիլ առաւել նպատակաուղղուած կերպով եւ որդեգրէ ճիշդ ճանապարհ, ապա, ես վստահ եմ, որ մենք կը կարենանք առաջընթաց արձանագրել եւ շատ արագօրէն կը բանանք սահմանը», ըսած է ան:
Էրտողանին տրուած հարցումով, Արմէն Ռուստամեան յիշատակած էր նաեւ Կարսի հայ-թրքական բարեկամութիւնը խորհրդանշող արձանը մասնատելու մասին վարչապետին պահանջը եւ հետաքրքրուած էր, թէ արդեօք այդ քայլը կը նպաստէ՞ դրացի երկիրի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Իր պատասխանին մէջ Էրտողան այս հարցումին չէ անդրադարձած: Փոխարէնը, Թուրքիոյ վարչապետը դարձեալ խօսած է Թուրքիոյ մէջ օրինական եւ ապօրինի ապրող հազարաւոր հայերու մասին:
«Իմ երկրիս մէջ 70 հազար հայ կայ՝ Թուրքիոյ քաղաքացի: Բացի ատկէ, եւս 40 հազար հայեր կ՛ապրին առանց քաղաքացիութեան: Մենք անոնք ետ չենք ուղարկեր Հայաստան, թէեւ կրնանք այդ մէկը ընել, եթէ ուզենք: Անոնք կը շարունակեն ապրիլ, որովհետեւ դժուարութիւններ ունին իրենց սեփական երկրին մէջ», դարձեալ ազդարարած է Էրտողան: