ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Ապրիլ 8ին ժամանեցին Ստեփանակերտ, ուր կայացաւ անոնց հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան յայտնեց, որ համանախագահները այս անգամ լրագրողներու հետ ճեպազրոյց չեն ունենար եւ պիտի խօսին միայն երեք նախագահներուն հետ հանդիպելէ ետք:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութեան, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Բակօ Սահակեան նշած է, թէ հակառակ միջնորդներու խաղաղարար ջանքերուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ իրականացնել այնպիսի քաղաքականութիւն, որ կը խոչընդոտէ ոչ միայն հակամարտութեան կարգաւորումը, այլեւ՝ առհասարակ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման:
Ղարաբաղի նախագահը այս շարքին դասած է նաեւ համանախագահներու կողմէ իրականացուած դաշտային առաքելութեան եւ Ստեփանակերտի օդակայանի վերագործարկման շուրջ Ատրպէյճանի մէջ չդադրող շահարկումները:
Նոյն օրը, ԼՂՀ իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դիտարկում իրականացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին՝ Ակնա-Բարդա ճանապարհին՝ Ասկերանի ուղղութեամբ:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկման խումբը գլխաւորած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք: Դիտարկման մասնակցած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ռապըրթ Պրատթքի (ԱՄՆ) եւ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա):
ԼՂՀի կողմէ դիտարկման խումբին մաս կազմած են ԵԱՀԿ գրասենեակի համակարգող, փոխգնդապետ Իմրէ Պալատինուս (Հունգարիա), ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Մարիուս Պուոձիունաս (Լիթուանիա). անոնց կ՛ուղեկցէին ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ:
Ատրպեճանական կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Քրիստօ Քրիստով (Պուլկարիա), Անտալ Հերդիչ (Հունգարիա) եւ Ուիլեըմ Պրայոր (Մեծն Բրիտանիա):
Դիտարկումը անցած է ըստ սահմանուած նախագիծի. հրադադարի խախտումներ չեն արձանագրուած: