ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն», «Թրենտ».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 12ի երեկոյեան, Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) գարնանային նստաշրջանին ընթացքին պատուիրակներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու խոստացած է ատրպէյճանցի պատուիրակ Կարինա Փաշայեւային շարունակել Ատրպէյճանի «բռնագրաւեալ հողերուն» վերադարձը ապահովելու գծով իր դիւանագիտական աշխատանքները:
Ան անդրադարձած է նաեւ «Ատրպէյճանէն գրաւուած տարածքներուն վրայ գտնուող» Ստեփանակերտի օդակայանին մօտալուտ բացումին: «Նման սադրանքներ չեն նպաստեր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման: Անոնք սադրիչ գործողութիւններ են՝ իրականացուած Հայաստանի կողմէ, որոնց պէտք է վերջ տրուի՝ նպաստելու համար նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի միջեւ բանակցութիւններու խթանման», նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Տաւութօղլուի ուղղուած սուր հարցումներէն մէկուն հեղինակը «Ժառանգութեան» անդամ Զարուհի Փոստանջեանն էր: «Որեւէ մէկի համար գաղտնիք չէ, որ Թուրքիան զաւթել է Արեւմտեան Հայաստանն ու Հիւսիսային Կիպրոսը՝ տեղահանելով այս շրջանների բնիկ ժողովուրդներին: Ի՞նչ էք ձեռնարկել Նախարարների կոմիտէն ղեկավարելու ընթացքում, որպէսզի թուրքական կառավարութիւնն առաջին քայլերն անի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ վերացնի քրէական օրէնսգրքի 301րդ յօդուածը», հարց տուած է Փոստանջեան՝ դիմելով Տաւութօղլուին:
«Ես չեմ գիտեր ի՛նչ պատասխան տամ, քանի որ ասիկա միակողմանի, թուղթէ ընթերցուած յայտարարութիւն էր, ուր կը կրկնուին բազմիցս հնչեցուած մեաղադրանքներ: Կը կարծեմ, որ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ դուք Միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն ծանօթանայիք, հասկնալու համար, թէ ինչո՞վ զբաղուած է եւ ինչպէ՞ս կր գործէ այս կառոյցը: Այդ մէկը նաեւ կրնայ յստակացնել ձեզի, թէ մեղադրանքներու եւ փաստերու միջեւ տարբերութիւն կայ», ըսած է նախարարը:
Նշելով, թէ իբրեւ գիտնական՝ պատրաստ է քննելու պատմական իրողութիւնները՝ Տաւութօղլու իր կարգին կրկնած է. «Հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն համար աւելի լաւ կ՛ըլլայ, եթէ ստեղծուի պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով: Մենք զայն առաջարկած ենք 2005ին ու տակաւին դրական պատասխանի կը սպասենք, որպէսզի սկսինք համատեղ կերպով՝ երրորդ կողմի մը մասնակցութեամբ՝ քննելու պատմական իրադարձութիւնները, հիմնուելով արխիւային փաստերու եւ ոչ թէ միակողմանի յիշողութիւններու վրայ: Յոյս ունիմ, որ երկու կողմէն ալ նոր սերունդի ներկայացուցիչները ի վերջոյ կը յաջողին միասնաբար կիսել անցեալի ցաւերը, այդ իրադարձութիւնները քաղաքական նպատակներուն ծառայեցնելու փոխարէն», յայտարարած է ան: