
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 8ին, ՀՄԸՄի Կենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, միացեալ կազմակերպութեամբ նոյն մասնաճիւղի եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան, նշուեցաւ «Ալիք» օրաթերթի 80ամեակի տօնակատարութիւնը:
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի Հանրային յարաբերութիւններու յանձնախումբի պատասխանատու Սարօ Նազարեան, որուն բացման խօսքէն ետք, ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պօղիկեան, ապա՝ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ Ռուբիկ Գուրջեան: Արտայայտուողները իրենց խօսքերուն մէջ նշեցին, թէ «Ալիք»ը իրանահայութեան համար լոկ լրատու թերթ մը չէ եղած. անիկա եղած է մտաւորականութեան հաւաքատեղի-ժամադրավայր, սերունդ դաստիարակող օճախ, իրանահայ գաղթօճախի անբաժան մասնիկ, որ իր գոյութեան բոլոր ժամանակահատուածներուն, պատմական բոլոր վերիվայրումներու ընթացքին անձնուրացութեամբ ու յանձնառութեամբ ծառայած է հայութեան:
Օրուան առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց ազգային-հասարակական գործիչ Սեպուհ Յովհաննիսեան: Ան իւրայատուկ անմիջականութեամբ վկայութիւններ փոխանցեց «Ալիք»ի առաջին տասնամեակներու խմբագիրներուն ու արտօնատէրերուն մասին՝ ներկաներուն պատմելով մտաւորական այդ փաղանգի ինքնազոհ նուիրաբերումի առօրեայէն:
Ցուցադրուեցաւ «Հորիզոն» հեռուստակայանին կողմէ (Յովան Թաշճեանի պատրաստութեամբ) «Ալիք»ի մասին նկարահանուած տեսագրութիւնը:
Ապա խօսք առաւ «Ալիք»ի արտօնատէր ճարտարապետ Ալպերթ Աճէմեան, որ շրջանիս հայ հասարակութեան հանդիպելու ծրագիրով յատկապէս հրաւիրուած էր Լոս Անճելըս:
Աճէմեան հանգամանօրէն ներկայացուց «Ալիք»ի գլխաւոր իրագործումները՝ շեշտելով թերթի անկողմնակալ լրատուութեան աղբիւր ճանչցուելու, իբրեւ գաղափարական հնոց ծառայած ըլլալու ու շրջանի հայութեան սէրն ու յարգանքը շահած ըլլալու փաստերը:
Այդ սիրոյ ու յարգանքի ապացոյցներէն մէկը, ըսաւ Աճէմեան, թերթի հրատարակութեան վայրէն հազարաւոր մղոններ հեռու այս քաղաքին մէջ, այսպիսի խուռներամ ներկայութեամբ անոր տարեդարձը նշելու իրողութիւնն է:
Աճէմեան գնահատեց «Ալիք»ի տարբեր շրջաններու խմբագրական կազմերուն, թերթի աշխատակիցներուն ու անոր յարկին տակ բոլոր աշխատողներու անսակարկ նուիրումը, որուն շնորհիւ, «Ալիք»ը կրցած էր դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէրներ:
Ա. Աճէմեանի բանախօսութենէն ետք, ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄի «Արարատ» երգչախումբը: Այս նշանակալից առիթով իր օրհնութեան խօսքով բեմ բարձրացաւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:
Ձեռնարկի վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին կտրուեցաւ 80ամեակի առիթով պատրաստուած կարկանդակը՝ տասնամեակներ «Ալիք»ի տպարանին մէջ աշխատած գրաշար Յովսէփ Շահբազեանի եւ արտօնատէր Ալպերթ Աճէմեանի կողմէ:
Ձեռնարկին ներկայ էին շուրջ 400 հանդիսատեսներ: