ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Աւելի քան 1500 լոսանճելըսահայերու մասնակցութեամբ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 21ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, Լոս Անճելըսի մերձակայ Քալվըր քաղաքի «Սոնի» շարժանկարային համալիրին առջեւ, ուր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ներկայութեամբ տեղի կ՛ունենար դրամահաւաքի ձեռնարկ մը:
Ամերիկահայ ցուցարարները «Օպամա՛, յարգէ՛ խոստումդ» կարգախօսով իրենց բողոքն ու հիասթափութիւնը արտայայտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ հայ ժողովուրդին արդարահատոյց ըլլալու իր նախընտրական քարոզարշաւի խոստումը դրժելու՝ նախագահ Օպամայի կեցուածքին նկատմամբ:
Ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցան «System of A Down» խումբի հանրայայտ երգիչ եւ մարդկային իրաւունքներու ջատագով Սերժ Թանքեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Անդրանիկ Քիզիրեան եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան, որոնք, յանուն ցուցարարներուն, իրենց բողոքն ու վրդովմունքը արտայայտեցին խոստմնադրուժ նախագահին եւ կոչ ուղղեցին ցուցարարներուն, որ շարունակեն իրենց պահանջատիրական աննահանջ պայքարը ցեղասպան Թուրքիոյ դէմ:
Ցոյցին ներկայ էին հայկական եւ ամերիկեան բազմաթիւ լրատուամիջոցներու եւ հեռուստակայաններու ներկայացուցիչներ ու լրագրողներ, որոնք ցուցարարներուն հետ ունեցան հարցազրոյցներ ու ճեպազրոյցներ: Նոյն օրը ամերիկեան տեղական բոլոր հեռուստակայանները լայնօրէն անդրադարձան ամերիկահայութեան այս ցոյցին, իսկ Ուրբաթ օր շարք մը տեղական թերթեր այս մասին լուրեր եւ լուսանկարներ հրապարակեցին:
Նշենք, որ ցոյցը կազմակերպած էր Հայոց Ցեղասպանութեան համայնքային յանձնախումբը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները կը շարունակուին Լոս Անճելըսի հայաշատ բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ, իսկ Ապրիլ 24ի երեկոյեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ բողոքի համագաղութային ցոյցը՝ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ, 6300 Wilshire Blvd, Los Angeles, CA 90048: