ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հինգշաբթի կէսօրէ ետք աւելի շատ պէտք է ըլլար մեր թիւը՝ Օպամային աւելի ազդու ձեւով փոխանցելու համար մեր բողոքն ու դժգոհութիւնը՝ իր խոստումը դրժած ըլլալու իրողութեան հանդէպ:
Նախագահական երկրորդ շրջանի համար այսքան կանուխ ընտրապայքարի դուրս եկած Օպամային ժողովրդականութիւնը բաւական նուազած է, այնքան, որ ան քուէներ շահելու համար պատրաստ պիտի ըլլայ ամէն հնարաւոր միջոցի դիմելու: Անցեալ ընտրութեան մեր քուէն շահեցաւ՝ խոստանալով ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Հիմա ան կանգնած է երկընտրանքի մը առջեւ. կա՛մ պիտի շարունակէ խոստմնադրուժ մնալ եւ բոլորովին պիտի կտրէ հայկական քուէներուն, հայկական նիւթական զօրակցութիւնը ապահովելու յոյսը, կամ ալ՝ այսօր կամ վաղը կատարէ իր խոստացած յայտարարութիւնը եւ ապահովէ մեր քուէն ու նիւթական աջակցութիւնը:
Ներկայ դրութեամբ երկրորդ տարբերակը աւելի հաւանական կը թուի ըլլալ: Հինգշաբթի օրուան ցոյցին տարողութիւնը, դժբախտաբար, Օպամայի խորհրդատուները պիտի չկարենայ համոզել, որ հայկական հաւաքական դիրքորոշում մը ձեւաւորուած է իր դէմը, Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ իր ցուցաբերած՝ ամերիկացի հրապարակագիրին բառերով՝ «բարոյական վախկոտութեան» պատճառով:
Կարելի չէ չհամաձայնիլ, որ այո՛, մեր թիւը համահայկական ուժեղ ու կազմակերպուած ընդդիմութեան մը պատգամը չէր կրնար փոխանցել: Սակայն, Օպամայի խորհրդատուներուն պէտք է յայտնի ըլլայ, թէ անկախ այդ ցոյցին մասնակցողներու թիւէն, հարիւր հազարաւոր ամերիկահայեր իրենց քուէն ու նիւթական աջակցութիւնը պիտի պայմանաւորեն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումով:
Գալով ցուցարարներու թիւին՝ միշտ ալ կարելի է չքմեղանքներ ու արդարացումներ գտնել ու բացատրել, թէ ինչո՞ւ այդ օրը տասնեակ հազարներով չփակեցինք «Սոնի»ի շէնքին մուտքը, ինչո՞ւ համաշխարհային ճանաչումի ու համբաւի տէր Սերժ Թանքեանի նման անձը կու գայ ու իր պահանջի ձայնը կը բարձրացնէ յանուն մեր ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան, իսկ ուրիշներ կը զլանան նեղութիւն քաշել ու հասնիլ ցոյցի վայր:
Մէկ բան յստակ է, որ այսպէս չենք կրնար շարունակել, որ մեր պայքարին մարտավարութիւնը ու ժողովուրդի լայն խաւերը մեր հաւաքական ձգտումներու իրագործման ճիգին լծելու ծրագիրները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու միջոցներ պէտք է գտնենք: Մինչ այդ, չենք կրնար չգնահատել այն բոլոր երիտասարդ ու տարեց հայորդիները, որոնք եկան, մասնակցեցան, գոռացին, պահանջեցին ու իրենց յանձնառութեան ոգիի ամրութիւնը արտայայտեցին այդ օրը: