
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի Ծերակոյտի փոխնախագահ, ծերակուտական Կի Ֆիշըր Մայիս 4ին, Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ տեղի ունենալիք քուէարկութեան ընթացքին կողմ պիտի քուէարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող օրինագիծին: Այս մասին ան յայտնած է «Nouvelle d’Ar-menie»ին յղած պատասխան նամակին մէջ:
«Այս պայքարին ընթացքին, Կոմունիստ պատգամաւորները կատարած են բաւական կարեւոր ներդրում: Սկսած 1965էն, իմ կուսակից ընկերները պարբերաբար բարձրացուցած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը», նշուած է նամակին մէջ:
Ֆրանսական Ծերակոյտի ներկայացուցիչներ Կի Ֆիշըր եւ Ռոպեր Պրեթ առաջարկած են օրինագիծը անուանել «Մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւններու հրապարակային ժխտման համար քրէական պատասխանատուութեան մասին» օրինագիծ: Նման վերտառութեան տակ պատգամաւորները նկատի ունին ոչ միայն 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ 20րդ դարուն մարդկութեան դէմ իրականացած այլ յանցագործութիւններ:
Ըստ Կ. Ֆիշըրին, այս պահուն հիմնական խնդիրը այն է, որ Ծերակոյտի նախագահը խնդիրը ընդգրկէ նիստի օրակարգին մէջ. «Ահա թէ ինչու ես կ՛աջակցիմ իմ սոցիալիստ գործընկեր Սերժ Լակոշի առաջարկին. անոր նախաձեռնութեամբ հարցը պէտք է մտնէ Ծերակոյտի օրակարգ, Մայիս 4ին», նշուած է նամակին մէջ:
Այս նպատակով, պատգամաւորը Ապրիլ 8ին ներկայացուցած է նմանօրինակ այլ օրինագիծ մը եւս, որ քրէական պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման համար: «Այս նպատակով ես կը վերահաստատեմ իմ վճռականութիւնը՝ աջակցելու խնդիրի վերջնական լուծումին», ըսուած է նամակին մէջ: