
ՊՈԼԻՍ, «ՓանԱրմինիըն».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր կը դատապարտէ Գանատայի վարչապետ Սթիւըն Հարփըրը՝ Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը յարգելու կոչ ընելուն համար: Անգարան յայտարարած է, թէ Հարփըրի խօսքերը կրնան հարուածի տակ դնել թուրք-գանատական յարաբերութիւնները, ըստ «Փոսթա» թերթին:
Նշենք, որ Ապրիլ 24ին, Գանատայի վարչապետ Սթիւըն Հարփըր յայտարարած է. «96 տարի առաջ հայ ժողովուրդը սարսափելի տառապանքներ տարաւ ու կորուստներ կրեց: Մենք երբեք չենք մոռնար պատմութեան դասերը»:
Նշենք նաեւ, որ Գանատան պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 2006ին: