
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու միջազգային կրօնական ազատութեանց յանձնաժողովին կողմէ պատրաստուած նոր տեղեկագիրին մէջ, Թուրքիա դարձեալ կը յիշուի այն երկիրներու կարգին, որոնք կաշկանդումներ կը պարտադրեն կրօնական ազատութիւններու մէջ:
Տեղեկագիրին մէջ դիտել կը տրուի, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, հակառակ երկրին սահմանադրութեան խոստացած «անհատներու պաշտամունքի ու հաւատքի ազատութեան», խիստ սահմանափակումներ պարտադրած է, եւ մերժելով կրօնական հաստատութիւններու իրաւական լրիւ կանոնակարգը՝ հակակշիռի տակ պահած է կրօնական հարցերը եւ տեղի տուած է կրօնական ազատութեանց լուրջ ոտնակոխումներու։ Տեղեկագիրին մէջ ըսուած է նաեւ, որ Թուրքիա, փոխանակ առաջքը առնելու նմանօրինակ ոտնակոխումներու, կը շարունակէ միջամտել կրօնական հաւաքականութիւններու ներքին հարցերուն։ Թուրքիոյ մէջ տարբեր պատրուակներով բռնագրաւուած են կրօնական փոքրամասնութիւններուն՝ հայերուն, յոյներուն, հրեաներուն եւ կաթողիկէներուն պատկանող գոյքեր: Փոքրամասնութիւնները նաեւ արտօնութիւն չեն ստանար պատշաճ վիճակի մէջ պահպանելու իրենց կրօնական կառոյցները։
Թուրքիոյ մէջ, Հայց. առաքելական եկեղեցին, իբրեւ կրօնական փոքրամասնութիւն ներկայացնող ամենամեծ կազմակերպութիւնը, չունի իր հոգեւոր վարժարանը եւ այդ նպատակով Թուրքիոյ պետական համալսարաններէն մէկուն մէջ աստուածաբանութեան կաճառ հիմնելու մասին ներկայացուած դիմումը տակաւին դրական պատասխան չէ ստացած։
Ըստ տեղեկագիրին, Թուրքիոյ մէջ տարածուած է նաեւ կրօնական ատելութիւնը։ Ատոր դրսեւորումներէն են՝ Թուրքիոյ մէջ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ պատրիարքի հասցէին օրական շուրջ 300 սպառնալիք ուղարկելու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ հոգեւորականներու եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու վրայ կատարուած յարձակումները։
Յանձնախումբը իր տեղեկագրին մէջ Թուրքիոյ անունը առաջին անգամ յիշեց 2009ին: Նոր տեղեկագրին մէջ կը նշուի, որ այդ թուականէն ի վեր պայմանները աւելի վատթարացած են։ Տեղեկագիրը Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն կը պահանջէ, որ յաւելեալ ճնշում գործադրէ Թուրքիոյ ու նման ոտնակոխումներ կատարող երկիրներուն վրայ, որպէսզի կրօնական կաշկանդումներուն վերջ տրուի։
Ըստ տեղեկագիրին, Թուրքիա պէտք է ճանչնայ կրօնական հաստատութիւններու օրինական կանոնակարգը, բանայ յոյներու Հէյպէլիի դպրեվանքը, ամբողջովին իր տէրերուն վերադարձնէ Ասորիներու Մօր Գաբիրէլ վանքի կալուածները եւ արտօնէ, որ կրօնական խմբակները կարենան հասցնել այն հոգեւորականները, որոնց պէտք ունին։
Տեղեկագիրին մէջ կը նշուին տարբեր երկիրներու մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայ քրիստոնեաներու դէմ կատարուող բազմաթիւ բռնութիւններու եւ իրաւունքներ սահմանափակելու դէպքերը։ Հոն ըսուած է, որ Իրանի մէջ հետզհետէ թափ կը ստանայ նոյնիսկ ճանչցուած կրօնական փոքրամասնութիւններու, ներառեալ՝ հայերու նկատմամբ խտրականութիւնն ու բռնութիւնները՝ իբրեւ օրինակ բերելով կրօնական փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու ձերբակալութիւնները։ Իրաքի մէջ եւս կրօնական փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ՝ հայ առաքելականներուն եւ հայ կաթողիկներուն, թիւը հետզհետէ կը նուազի, անոնց դէմ գործադրուող բռնութիւններուն պատճառով։ Քննադատուած են նաեւ Թիւրքմենիստանի կառավարութեան պարտադրած սահմանափակումները:
Կրօնական ազատութիւններու կաշկանդման մասին այս տեղեկագիրին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ բաժինով տեղ տրամադրուած է նաեւ «Էրկենեքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ փոքրամասնական ղեկավարներու ու գործիչներու դէմ պատրաստուած մահափորձերուն:
Յանձնաժողովը Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութեանց հովանիին տակ կը գործէ 1998էն ի վեր, եւ անոր մաս կը կազմեն տարբեր կրօնքներէ յանձնակատարներ՝ հետեւելով աշխարհի տարածքին կրօնքի ազատութեան վիճակին: