
ՍԵՆԹ ԼՈՒԻՍ.- Աւարտած է ԱՄՆի ճատրակի կանանց առաջնութիւնը, որուն կը մասնակցէր Տաթեւ Աբրահամեան: Ոսկէ մետալի համար լրացուցիչ մրցամարտին՝ Տաթեւը կը մրցէր Աննա Զադօնսգիխի հետ: Լրացուցիչ առաջին խաղին յաղթեց Զադօնսգիխը, երկրորդին՝ Աբրահամեանը հաւասարեցուց հաշիւը 2:2: Նշանակուեցաւ եւս մէկ, «մահուան խաղ», որ աւարտեցաւ ոչ-ոքի:
Քանի որ սպիտակներով կը խաղար Տաթեւը, ԱՄՆի ախոյեանուհի հռչակուեցաւ անոր մրցակիցը: Աբրահամեանին շնորհուեցաւ արծաթէ մետալ: