ԳԱՅԵԱՆԷ ԱՒԱՆԷՍԵԱՆ
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ինչպէս 2003էն ետք ամէն տարի, այս տարի եւս Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ) նախաձեռնած էր Փոքրիկ Հայաստանի թաղամասերու մաքրութեան արշաւին:
Այս տարի, արշաւը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 8ին, խումբ մը կամաւորներու մասնակցութեամբ: Կազմակերպչական գլխաւոր աշխատանքները ստանձնած էր ՀԵԴի Հոլիվուտի «Մուսա Տաղ» ուխտը, իսկ ձեռնարկի իրականացման նպաստած էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էրիք Կարսեթիի ու Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Քեւըն տը Լէոնի գրասենեակները:
Մաքրութեան արշաւին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 10ին, Հոլիվուտի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանին մէջ, ուր ելոյթ ունեցան «Ինրիչ Էլ.Էյ.» ոչ շահաբեր կազմակերպութեան վարիչ, Կրիֆիթ Փարքի թաղային խորհուրդի անդամ Թամըս Օ՛Կրէյտի եւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր կամաւոր մասնակիցներուն, որ գործնականապէս իրենց ներդրումը կ՛ունենան Փոքրիկ Հայաստանը բարեզարդելու աշխատանքներուն:
Ապա, վառ կանաչ շապիկներ հագած կամաւորները անցան մաքրութեան աշխատանքին՝ բաժնուելով երեք անջատ խումբերու:
Մինչեւ կ.ե. ժամը 3 տեւած արշաւին ընթացքին կամաւորները կրցան հաւաքել հազարաւոր փաունտ աղբ, տնկեցին ծառեր եւ հրոսակախումբերու կողմէ պատերու վրայ գրուած գրութիւնները ներկեցին՝ գործնականօրէն իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելով շրջանը Փոքրիկ Հայաստան կոչելու Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի որոշումին:
Նախկին տարիներուն, ՀԵԴի հարիւրաւոր անդամներ ու համակիրներ մասնակցած են սոյն արշաւին՝ Հոլիվուտ գալով մինչեւ Արիզոնայէն, Ֆրեզնոյէն, Սան Ֆրանսիսքոյէն ու Լաս Վեկասէն: Այս արշաւին շնորհիւ, ցարդ կարելի եղած է 30,000 թոն աղբ հաւաքել Փոքրիկ Հայաստանի թաղերէն, ըստ Լոս Անճելըս քաղաքի տուեալներուն: