ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 96ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս եւ Այնթուրայի 300 հայ անմեղ որբերու յիշատակին, Կիրակի, Մայիս 8ի երեկոյեան ժամը 6ին, Այնթուրայի Սան Ժոզէֆ քոլեճի մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիպում մը՝ հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին:
Ժունիէի հայ կաթողիկէ «Սէր» միութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիրեն Սեմերճեան, որ նշեց, որ լիբանանեան ընկերութիւնը սկսած է հետզհետէ մոռնալու թուրքին ոճիրին ահաւորութիւնը եւ ասոր վկան է թրքական ֆիլմաշարերու ցուցադրութեան ծիրին ընդարձակումը լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն մէջ: Ապա Սիրեն Սեմերճեան ներկայացուց Այնթուրայի որբանոցի 300 հայ որբերու ճակատագիրը բացայայտած Միսաք Քելեշեանը:
Սակայն նախքան Քելեշեանի խօսք առնելը, Լազարեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Անթուան Նաքատ, ֆրանսերէնով խօսք առնելով՝ պատմեց, թէ ինչպէս քոլեճին մէջ հայ որբերը թրքացուեցան: Անոնք տանջուեցան, որովհետեւ պարզապէս հայ էին:
Ապա, Միսաք Քելեշեան, արաբերէնով խօսք առնելով՝ ներկայացուց քոլեճին պատմութիւնը: Ան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս Ճեմալ փաշայի եւ Խալիտէ Էտիպի գլխաւորութեամբ, հայ մանուկները թրքացման եւ իսլամացման ենթարկուեցան:
Միսաք Քելեշեան նշեց, թէ 300 հայ որբեր մահացան քոլերայի, անօթութեան եւ տանջանքի պատճառով, ապա թաղուեցան եկեղեցւոյ խորանին ետեւը: 1993ին, երբ քոլեճը ընդլայնելու աշխատանքներուն պատճառով փորեցին գետինը, հոն գտան հայ որբերուն աճիւնները, որոնցմէ մաս մը հաւաքելով՝ թաղեցին մեծաւորներու գերեզմաններուն մէջ:
2010ին, հայր Անթուան Նաքատ փոքր՝ 30 քառ. մեթր հողաշերտ մը նուիրեց, որպէսզի հոն յուշակոթող եւ տապանաքար զետեղուի:
Քելեշեան զուգահեռներ գծեց Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին հայերուն եւ լիբանանցիներուն կրած տանջանքներուն միջեւ: «Ո՞ւր է Մայիս 6ը այսօր, ո՞ւր է նահատակներու մեծարումը Նահատակաց հրապարակին վրայ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս շոգիացաւ Մայիս 6ը իբրեւ Նահատակաց օր», հարց տուաւ Մ. Քելեշեան: