«Սիսթըմ Աֆ Ը Տաուն» խումբը իր համերգներու Հիւսիսային ամերիկեան շրջագայութեան սկսաւ երէկ, Գանատայի Էտմընթըն քաղաքէն, ուր, ըստ «Էտմընտընճըրնըլ»ի, արդէն 200 հանդիսատես եկած էր արտերկրէն:
Սոյն համերգը, 2006ի դադարէն ետք, հանդիսանացաւ առաջինը: «Սիսթըմ Աֆ Ը Տաուն» խումբը համերգներ պիտի տայ նաեւ Մայիս 12ին Վանքուվըրի, Մայիս 13ին Սիէթըլի, Մայիս 15ին Մաունթըն Վիուի, Մայիս 18ին Տենվըրի, Մայիս 19ին Ալպըքըրքիի եւ Մայիս 22ին Լաս Վեկասի մէջ: Համերգներու ընթացքին խումբին կը միանայ նաեւ «Կոկոլ Պորտելլօ» խումբը: Խումբը Յունիսի 11ին հանդէս պիտի գայ նաեւ Եւրոպայի մէջ, իսկ Յունիս 21ին համերգ պիտի տայ Մոսկուայի «Օլիմփիյսկի» մարզահամալիրին մէջ: