ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նիւ Եորքի «Կակոսեան» պատկերասրահին մէջ կը ցուցադրուի Արշիլ Կորքիի 1947ին ստեղծագործուած անանուն նկարը, որ մինչ այդ, երբեք չէ ցուցադրուած: Նկարը այժմ կը կրէ «1947» խորագիրը: Ըստ «Արթտէյլի»ի (Artdaily), նկարը գտնուած է 2010ին. անիկա 64 տարի մնացած է փաթաթուած եւ պահպանուած է ամբողջովին անվնաս կերպով: «1947» նկարէն բացի, ցուցասրահին մէջ ներկայացուած են նկարիչին աշխատանքները, որոնք այժմ կը գտնուին օտար թանգարաններու հաւաքածոներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.