
ՆԻԿՈՍԻԱ.- Կիպրոսի մամուլին մէջ հաղորդուած տեղեկութեանց համաձայն, Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան Երեքշաբթի, Մայիս 10ին տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին անգամ մը եւս յայտարարած է, թէ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ աւելցուցած, թէ Թուրքիան անպատիժ ձգելու միջազգային համայնքի կեցուածքին հետեւանքով, Թուրքիա վերածուած է «միջազգային ահաբեկի»չի մը, որ իր սահմաններէն ներս եւ անոնցմէ դուրս կը շարունակէ մարդկային տարրական իրաւունքներ ոտնակոխել:
Կարոյեան յիշեցուցած է, թէ 1960ական թուականներուն, Կիպրոս այն առաջին երկիրներէն էր, որոնք ՄԱԿէն պահանջած են դատապարտումը Հայկական Ցեղասպանութեան, եւ աւելցուցած է, թէ շատ հաւանաբար Թուրքիոյ կողմէ 1974ին իրականացուած Կիպրոսի հիւսիսային շրջաններու բռնագրաւումը տեղի պիտի չունենար, եթէ Թուրքիա պատժուէր իր անցեալի ոճիրներուն համար: