ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ձայնասփիւռի լրատու-վերլուծական կայանի մը մեկնաբանը, երէկ, իր առաւօտեան ծրագիրին մէջ կ՛անդրադառնար գիտութեան արտադրած հրաշալիքներուն, յատկապէս՝ հաղորդակցութեան ոլորտի վերջին նորարութեանց բարիքներուն:
Աւանդապահներու շրջանակ մը կայ, անշուշտ, որ բարիքները չակերտուած պիտի ուզէր տեսնել, որովհետեւ այս նորարարութիւններէն շատերը կա՛մ վնասակար կը նկատէ, կամ ալ կը վախնայ անոնցմէ՝ իրեն համար ընտանի աշխարհի անճանաչելի աստիճան վերափոխման պատճառը անոնց մէջ փնտռելով:
Մեկնաբանը, որ միեւնոյն ժամանակ յայտնի թերթի մը սիւնակագիրն է, ու ասպարէզի բերումով միշտ սպառողական շուկային վերաբերող հարցեր կը շօշափէ, կը ներկայացնէր համակարգիչներու նորագոյն սերունդը. գործիքներ, որոնք միաժամանակ հազար ու մէկ պաշտօն կատարելու կարողութիւն ունին՝ իրենց թեթեւութեան ու փոքր չափին հետ գիրք ու թերթ ընթերցողին ալ բոլոր անհրաժեշտ նիւթերը տրամադրելով:
Այսպիսի հզօր մրցակիցի դէմ մեծ հրատարակչատուներ ու լրատու թերթեր կը դժուարանան պայքարիլ, ու յաճախ պարտադրուած դուրս կու գան ասպարէզէն: Մեկնաբանը կը պաշտպանէր այն գաղափարը, թէ հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, գիրքն ու թերթը տակաւին մեր կեանքին մաս պիտի կազմեն՝ մեծաւ մասամբ իրենց հանդէպ հաւատարմութիւն տածողներու շնորհիւ, բայց նաեւ՝ որոշ գործնական պատճառներով:
Հայկական իրականութեան մէջ ասպարէզէն դուրս գալը ընդունելի տարբերակ չի կրնար ըլլալ, ու զոհողութեան գնով գիրքի ու թերթի հրատարակումը կը շարունակուի: Հայերէնով գիրքն ու լրատուութիւնը համակարգչային միջոցներով տրամադրելի են, բարեբախտաբար: Վերջապէս պիտի չուզէինք մեր մայրենին դուրս մնար գիտութեան ընձեռած կարելիութիւններու աշխարհէն: Այսուհանդերձ, կը հաւատանք, որ թէ՛ հայերէն գիրքը, թէ՛ հայերէն թերթը, ունին եւ պիտի շարունակեն ունենալ իրենց գնահատողները, ունին իրենց արժեւորողները, որոնք կը նախընտրեն իրենց մատներով թերթել էջերը, բռնել գիրքը:
Հաւատացէք, որ գնահատողներուն թիւը այնքան ալ քիչ չէ: Անոնք հայերէն թերթ ու գիրք պաշտպանողներու զօրասիւնը կը կազմեն, եւ որոնց շարքին էք նաեւ դուք՝ սիրելի ընթերցո՛ղ: