
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի խորհրդարանը երկրորդ ընթերցումով քննարկած է Քրէական օրէնսգիրքին մէջ, «Քաղաքացիական ծառայութեան մասին» եւ «Հասարակական ծառայութեան մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու օրէնսդրական փաթեթը, ըստ որուն կը նախատեսուի ստեղծել բարոյագիտութեան յանձնաժողով մը, որ պիտի կարգաւորէ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ պատգամաւորներու փոխյարաբերութիւնները, պիտի վերահսկէ, որ անոնց թանկարժէք նուէրներ չտրուին:
Նիստի ընթացքին, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան հարց տուած է, թէ ո՞վ պիտի ստուգէ նախագահին եւ վարչապետին տրուող նուէրները:
Փաստաթուղթը նաեւ կը նախատեսէ պարտադրաբար կարգաւորել բարձրաստիճան անձերու եւ պատգամաւորներու, ինչպէս նաեւ անոնց հարազատներու ունեցուածքին եւ հարկերուն կարգը: Այս գծով, Հեղինէ Բիշարեան զայրացած հարց տուած է, թէ ինչո՞ւ իր ազգականները պիտի յայտարարագրեն իրենց եկամուտները:
Արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան, իր կարգին յայտարարած է, թէ բարոյագիտութեան յանձնաժողովը կաշառակերութեան դէմ յստակ ռազմավարութիւն պիտի ունենայ: Նախարարին խօսքով, կառոյցը պիտի ստուգէ շուրջ 600 բարձրաստիճան անձեր՝ նախագահը, խորհրդարանի նախագահը եւ պատգամաւորները, վարչապետը, դատաւորները, Կեդրոնական դրամատան նախագահը եւ ուրիշներ: