
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի տեղեկութիւններով, հիմնադրամը կը վերակառուցէ ԼՂՀ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ջրամատակարարման ներքին ցանցի 13 գօտիներէն 10րդը եւ 11րդը, որոնք կ՛ընդգրկեն Ստեփգէս եւ Արմէնաւան թաղամասերու Գ. Պարսեղով, Վ. Մամիկոնեան, Բաղրամեան, Լազարեւ, Դաւիթ Բէկ, Կամօ, Մուրացան, Սասունցի Դաւիթ, Ազատամարտիկներ, Եոսիֆեան, Տէրեան, Բաբաջանեան, Շինարարների, Շմաւոնի եւ Վ. Սարոյեան փողոցները ու Մաշտոցի պողոտան:
Ստեփանակերտը ջուր կը ստանայ Վարարակն, Տրագէտ եւ Մեղրագէտ գետերէն ու ստորգետնեայ աղբիւրներէն: Քաղաքի ջրամատակարարման համակարգը՝ կառուցուած 1950ականներուն, ունի 140 քլմ. երկարութիւն: Բնակիչները օրական երկու ժամ ջուր կը ստանան, սակայն վերանորոգումէն ետք պիտի ունենան շուրջօրեայ ջրամատակարարում: