
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 11ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Փարք Հոթել Արցախ» հիւaրանոցային համալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղաւ նախագահ Բակօ Սահակեան:
Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն, երկրին ղեկավարը ժամանակակից պահանջներու համապատասխանող հիւրանոցային ցանցերը լուրջ խթան համարած է երկրին մէջ զբօսաշրջութեան եւ սպասարկման ծառայութիւններու զարգացման համար, միաժամանակ ընդգծելով, որ պետութիւնը շահագրգռուած է Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ նման կարգի նոր հիւրանոցներու առկայութեամբ: