
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Կլենտէյլի «Pacific Park»ին մէջ գտնուող հանրային լողաւազանը պիտի սկսի այցելուներ ընդունելու Յունիս 4էն սկսեալ: Երկար սպասուած ու 5.3 միլիոն տոլար արժողութեամբ այս լողաւազանին ծրագիրը կարելի դարձած է՝ շնորհիւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեանի ջանքերուն:
Ան գրեթէ վեց տարի առաջ սկսած էր ջատագովելու նման լողաւազան մը կառուցելու ծրագիրը: Քաղաքին միակ հանրային աւազանը կառուցած շինարարական ընկերութիւնը, իր կարելին ըրած է, որպէսզի լողաւազանը հասանելի դառնայ հանրութեան, ամրան առաջին օրերուն իսկ: