ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է իրենց դիմումնագիրները յանձնած ըլլան ամենաուշը մինչեւ Մայիս 27: Դիմումնագիրները կարելի է գտնել հետեւեալ հասցէին՝ www.anca.org/assets/capital_gateway/2011-Summer-WRIEP.pdf:
Ծրագիրին մասնակիցները պիտի օժանդակեն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի ու շարք մը յանձնախումբերու աշխատանքներուն, պիտի իրականացնեն շարք մը ուսումնասիրութիւններ եւ ծրագիրներ ու պիտի մասնակցին աշխատանիստերու: