
ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Երեքշաբթի, Մայիս 17ին, ամերիկեան ատեան մը 21 օրուան պայմանաժամ մը տուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որպէսզի անցեալ տարուան ընթացքին ամերիկահայերու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու նպատակով բացուած դատի մը գծով փաստաթուղթեր տրամադրէ:
Հարցը կ՛առնչուի Ատանայի մէջ հայերէ բռնագրաւուած կալուածներուն, որոնց տարածքին վրայ ներկայիս կը գործէ Ինճիրլիքի ամերիկեան զինուորական խարիսխը: Կը պահանջուի 64 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում:
Դատ բացող փաստաբաններէն Վարդգէս Եղիայեանը կը յայտնէ, թէ դատը կարեւոր է ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ միջազգային համայնքին համար, եւ կրնայ նախադէպ մը ըլլալ բռնագրաւեալ տարածքներ շահագործելու կապուած այլ հարցերու:
Վնասուց հատուցումը կը պահանջուի Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, ինչպէս նաեւ «Զիրաա»չ եւ Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատունէն:
Յիշեցնենք, թէ դատը բացուած էր Ռիթա Մահտեսեանի, Անայիս Յարութիւնեանի եւ Ալեք Պաքալեանի անուններով: