
ԵՐԵՒԱՆ.- «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան».- Հայ Դատի Երուսաղէմի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այսօր, Իսրայէլի խորհրդարանը (Քնեսեթ) քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը՝ խորհրդարանի կրթութեան յանձնաժողովին փոխանցելու Մերեց կուսակցութեան (պատգամաւոր տիկ. Զահուա Գալօնի) առաջարկը: Նիստին մասնակից 20 պատգամաւորները, ներառեալ՝ կառավարութեան ներկայացուցիչները, միաձայնութեամբ որոշած են հարցը փոխանցել կրթութեան յանձնաժողովին: ՀՅԴ Հայ Դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Սեւանը յայտնեց, որ խորհրդարանի այս որոշումը դրական տեղաշարժ է:
Ծանօթ է, որ անցեալին Իսրայէլի խորհրդարանը որոշած էր քննարկել հարցը եւ քննարկումը յանձնած էր պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին: Այս յանձնաժողովը իր նիստերը կը գումարէ դռնփակ եւ մտահոգութիւնն այն էր, որ այդ պայմաններուն մէջ քննարկելով, խորհրդարանին կողմէ ճանաչման հարցին վերաբերեալ բացասական կարծիք կրնայ յայտնել յանձնաժողովը:
Աւելի քան կէս ժամ տեւած այսօրուան քննարկումին մասնակցած են տարբեր կուսակցութիւններու պատգամաւորներ: Արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) տեսակէտը փոխանցեր է կրօնից նախարարը՝ Եակով Մարգի, յայտնելով, թէ ԱԳՆի տեսակէտով՝ հարցը պէտք է պահել պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ եւ թէ՝ Իսրայէլ պէտք է աջակցի Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան: Միաժամանակ, նախարարը յայտներ է իր անձնական տեսակէտը՝ թէ ժամանակն է այս հարցին մասին յստակ որոշում առնել եւ այդ նպատակով ալ հարցը փոխանցել կրթութեան յանձնաժողովին:
Ելոյթ ունեցած է նաեւ վարչապետին կուսակցութեան՝ Լիքուտի խմբակցութեան ղեկավար Զէեւ Էլկինը, որ կողմ արտայայտուած է հարցը կրթութեան յանձնաժողովին փոխանցելու առաջարկին:
Բոլոր խօսողները, ներառեալ՝ Խորհրդարանի նախագահ նախագահ Ռէովըն Ռիւլինը, կողմ արտայայտուած են առաջարկին: Անոնք շեշտած են, որ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները պէտք չէ պատճառ դառնան, որ Իսրայէլը պատմական իրականութիւնը չճանչնայ:
Խորհրդարանի նիստին ներկայ եղած են Հայ Դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Յակոբ Սեւանը, Ժորժէթ Աւագեանը եւ ուրիշներ: Անոնք յայտնեցին, թէ Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները այս ուղղութեամբ:
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Հայ Դատի Երուսաղէմի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, հանդիպումներ ունեցած էր Իսրայէլի խորհրդարանական կուսակցութիւններէն Ընկերվար Միջազգայնականի (ԸՄ) անդամ Մերեց եւ Աշխատաւորական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան նաեւ հանդիպում ունեցած էր ԸՄի անդամ պաղեստինեան Ֆաթահ կազմակերպութեան արտաքին կապերու պատասխանատուին, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի վարչապետին կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Զէեւ Էլկինի հետ: