
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Յունիս 5ին, կ.ե. ժամը 3ին, երաժշտագէտ ու յօրինող Վաչէ Շարաֆեան Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ պիտի բանախօսէ Հայաստանի մէջ օփերայի զարգացման պատմութեան մասին, անոր առաջին օրերէն մինչեւ ներկայ ժամանակները:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է գրադարանին կողմէ, իսկ զայն կը հովանաւորեն UCLA-ի «Հայկական լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամներ» կազմակերպութիւնը:
Ձեռնարկին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով պիտի կատարուին Շարաֆեանի երաժշտութեամբ ամբողջացած «Աբգար թագաւոր» նոր օփերայէն կտորներ, յօրինողին դաշնակի ընկերակցութեամբ:
Դոկտ. Շարաֆեանի ստեղծագործութիւնները բեմ հանուած են Հայաստանի, Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գանատայի, Հոլանտայի, Իտալիոյ, Անգլիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ, իսկ անոր յօրինումներուն մաս կը կազմեն հայկական աւանդական գործիքներու համար գրուած իւրայատուկ կտորներ:
Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանի՝ Egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: Գրադարանի հասցէն է՝ 222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205: