Հինգշաբթի, Մայիս 12ի երեկոյեան, Ազգ. երեսփոխանական ժողովի աշխատանքներու ծիրին մէջ, Ազգ. առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցիներու հոգաբարձութեանց եւ տիկնանց միութեանց համագումարը։ Առաջնորդին ու Ազգ. վարչութեան հրաւէրով կազմակերպուած ժողովին ներկայ էին Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Խաժակ Տիքիճեան, առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը եւ հրաւիրեալ կազմերը։
Առաջնորդն ու Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը արտասանեցին ողջոյնի խօսքեր՝ կանգ առնելով նման ժողովներու կարեւորութեան վրայ եւ հունի մէջ դրին ժողովը։
Առաջին զեկոյցը ներկայացուց առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենադպիրը, որ անդրադարձաւ այս մարմինին բեղուն աշխատանքին։ Անոր զեկուցումէն ետք եւ նկատի ունենալով, որ մարմինին դիւանը վերջերս փոխուած էր, առաջնորդը բեմ հրաւիրեց նախկին եւ նոր ատենապետուհիները՝ Մարիամ Կարապետեանն ու Սալբի Սրուրեանը։ Առաջնորդն ու Տիկնանց օժանդակ մարմինը ծաղկեփունջով մը պատուեցին Մարիամ Կարապետեանը, իր բազմամեայ ծառայութեան համար, որ կը շարունակուի մարմինի նոր կազմին անոր անդամակցութեամբ։
Ապա, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց եւ տիկնանց միութեանց ներկայացուցիչները զեկուցումներ ներկայացուցին իրենց միամեայ իրագործումներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Հոն տեղ գտած էին այնպիսի աշխատանքներ, որոնք ունին ընդհանրական բնոյթ, եւ այս ձեւով, ծխական շրջանները առիթ ունեցան փոխադարձաբար օգտուելու իրարմէ։
Զեկուցումներէն ետք, առաջնորդը ժողովականներուն ուշադրութեան յանձնեց շարք մը օգտաշատ կէտեր, զորս առանձնացուցած էր ներկայացուած զեկոյցներէն։ Ան մաղթեց, որ կարգ մը շրջաններու մէջ իրականացուող եւ հաճելին՝ օգտակարին միացնող ծրագիրներ ու աշխատանքներ որդեգրուին նաեւ այլոց կողմէ։ Ան յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն, որոնք կը կարօտին ճիգերու աւելի եւս լարումի։
Առաջնորդին խօսքէն ետք, Ազգ. վարչութեան ատենապետուհին ժողովականներուն ուշադրութեան յանձնեց ընդհանրական բնոյթով մտահոգութիւններ, որոնք կը բխին ժողովական կեանքէն ու աշխատանքներու իրագործման ընթացքէն։ Ան վեր առաւ կանոնագրային թելադրանքներու կարեւորութիւնը եւ շեշտեց մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայական աշխատանքի դաշտերը ծրագրուած եւ նուիրումով իրականացնելու կարեւորութիւնը։
Ժողովականները առիթ ունեցան լուսաբանական հարցումներու եւ ազգային ու եկեղեցական մտահոգութեանց մասին տեսակէտներու փոխանակման։
Ապա առաջնորդը հրաւիրեց Խաժակ Տիքիճեանը, որ գոհունակութիւն արտայայտեց մեծաթիւ ներկայութեամբ այս ժողովին համար եւ նկատել տուաւ, որ Հոկտեմբերին, երբ թեմը պիտի վայելէ վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը, «բոլորս միասնաբար աշխատանքի պիտի լծուինք, այդ պատմական այցը յաջողութեամբ պսակելու համար»։
Եզրափակիչ խօսքով, առաջնորդը գնահատեց հովիւներուն, հոգաբարձութեանց եւ տիկնանց միութեանց նուիրեալ ծառայութիւնը, ողջունեց անոնց նախանձախնդիր մօտեցումը եւ օրհնութեան աղօթքով փակեց ժողովը, որ վերջ գտաւ «Կիլիկիա» խմբերգով։