Հեղինակ՝ Սարգիս Մահսէրէճեան (Ս. Վահան)

«Ասպարէզ» օրաթերթն ու Այնթապի մշակութային միութիւնը, Երեքշաբթի Մայիս 31ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:30ին ձեռնարկած են Սարգիս Մահսէրէճեանի «Սասունցի Դաւիթի Հետքերով» վէպի գինեձօնին։ «Հայ Գիր» մանկապատանեկան մատենաշարի նորագոյն այս հատորին ներկայացումը պիտի կատարէ Վաչէ Բրուտեան, նոյն մատենաշարի մանկապատանեկան հրատարակութիւններուն պիտի անդրադառնայ Մայտա Պապումեան, իսկ սրտի խօսք պիտի արտասանէ Աւետիս Տէմիրճեան՝ Այնթապի մշակութային միութեան վարչութեան ատենապետը։ Նախատեսուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ Արա Տապանճեանի եւ իր գլխաւորած «Էլեմըն»չ խումբի անդամներուն:
Վերջին տասնամեակին, «Ասպարէզ»ի ընթերցողներն ու «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանի քաղաքական յայտագիրի հետեւորդները, յաճախ առիթը ունեցան կարդալու եւ հետեւելու Սարգիս Մահսէրէճեանի քաղաքական վերլուծական յօդուածներուն, ինչպէս նաեւ դիտելու անոր հարցազրոյցներն ու վերլուծումները ազգային եւ միջազգային զանազան հարցերու մասին: Անոնք ծանօթ են նաեւ զանազան գիրքերու վերաբերող անոր գրախօսականներուն, կամ գաղութիս մէջ տեղի ունեցած մշակութային զանազան ձեռնարկներու կապակցութեամբ իր տպաւորութիւններուն եւ գնահատականներուն:
Սարգիս Մահսէրէճեան ծանօթ է նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի հայկական վարժարաններու նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն, իր մանկապատանեկան հրատարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան թատերակներուն միջոցաւ. արդարեւ, Ս. Մահսէրէճեան, Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք, «Հայ Գիր»ին ճամբով ձեռնարկած է մեր մանկապատանեկան գրականութեան կարգ մը կտորներու արեւմտահայերէնի վերածման եւ զանոնք պատանիներուն դիւարամատչելի դարձնելու պարզացման աշխատանքին։ Այս ծիրին մէջ, ան մեր պատանիներուն հրամցուցած է Ղազարոս Աղայեանի հեքիաթներէն շարք մը, իսկ անոր հեղինակած «Հրակն ու Միչոն» եւ «Սեւակին Տարեդարձի Նուէրը» ընկալուած են մեծ հետաքրքրութեամբ:
Ո՞վ կրնայ ուրանալ թատրոնին դերը՝ մեր մանուկներուն հայախօսութեան ու հայերէն մտածողութեան զարգացման մէջ։ Այս իմաստով, Սարգիս Մահսէրէճեանի հեղինակած կամ մշակած մանկապատանեկան կտորները հետաքրքրութեամբ կը սպասուին կարգ մը վարժարաններու աշակերտներուն կողմէ։
31 Մայիսին ներկայացուելիք այս նորագոյն գրքոյկը արձագանգ մըն է այն սխրալի արարքներուն, որոնք 1980ական թուականներուն տարածուեցան Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ ու Գանատա, երբ խումբ մը «խելագարներ», իրենց յախուռն արարքներով եկան ողջ աշխարհին անգամ մը եւս յիշեցնելու, թէ կան արթուն եւ պահանջատէր պահակներ, որոնք ուխտած են հանգիստ չտալ թրքական կառավարութեան, մինչեւ որ ան ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ առնէ հատուցման անխուսափելի քայլեր. ներշնչուելով անոնց արարքներէն՝ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, Ս. Վահան անունով, ան լոյս ընծայած է «Սասունցի Դաւիթի Հետքերով» վէպը, որ հետագային «Համազգային»ի Վ. Սէթեան տպարանին կողմէ հրատարակուած է առանձին հատորով։ Ահա այդ հատորին ամփոփուած եւ պարզացուած տարբերակն է, զոր «Հայ Գիր»ը լոյս ընծայեց այս տարի, նոյն ապրումներն ու զգացումները փոխանցելու համար այս ափերուն հասակ առնող մեր սերունդին, մանաւանդ եթէ ի մտի ունենանք, որ մեր Դատին բազմաթիւ գիծերը կը մնան անփոփոխ, նմանապէս՝ Թուրքիոյ ու միջազգային ընտանիքի վերաբերմունքը:
Եթէ կը հաւատանք, թէ հայապահպանման հիմնական կռուանը հայ լեզուն եւ հոգին են, ապա առանց առաջինին, երկրորդի սնուցումը անհնարին է։ Այս հաւատքով ու համոզումով է որ Սարգիս Մահսէրէճեան իր աշխատանքը կեդրոնացուցած է մանկապատանեկան հրատարակութիւններու վրայ: