
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սառնարանային համալիրի պաշտօնական բացումը: Այդպիսով սկիզբ դրուեցաւ կառավարութեան՝ «Ազատ տնտեսական գօտիի ծրագիր»ի առաջին փուլին: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Գերժամանակակից սարքերով կառուցուած երեք սառնարաններու միջոցով, աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի հողագործներուն՝ բերքի իրացումը արդիւնաւէտ եւ անկորուստ ձեւով կազմակերպելու, բերքը սառնարաններուն մէջ պահելով:
Հողագործները հնարաւորութիւն պիտի ունենան նաեւ պահպանուող գիւղատնտեսական մթերքը օգտագործելու վարկեր ստանալու համար: Սառնարանը կառուցուած է «Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան ներդրումներով: Ընդհանուր ներդրումը կազմած է վեց միլիոն տոլար:
Նախագիծի հեղինակները կը խոստանան, որ ծառայութիւնը մատչելի ըլլայ հողագործներուն համար: Օրինակ, մէկ թոն մթերքի բեռնաւորման եւ բեռնաթափման համար, հողագործը պիտի վճարէ 8000 դրամ (21 տոլար) միայն: