ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Յունիս 3ին սկսած է «Երեւանեան Հեռանկարներ» երաժշտական միջազգային փառատօնի 12րդ համերգաշրջանը: Այս առթիւ, նոյն օրը երեկոյեան, Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ համերգով հանդէս եկաւ «Կրեմի»ի մրցանակակիր բրիտանական «Քինկզ Սինկըրս» երգչախումբը:
«Քինկզ»ը իր հայաստանեան համերգին համար պատարստած էր հարուստ ծրագիր մը: Համերգի առաջին բաժինին մէջ հնչեցին եւրոպական միջնադարեան եւ դասական երգահաններու ստեղծագործութիւններ: Երկրորդ բաժինով հնչեցին հանրայայտ ու սիրուած ստեղծագործութիւններ՝ Ֆրետի Մերգիւրիի «Քուին» խումբին եւ այլոց երգացանկէն:
Յիշեցնենք, որ մինչեւ տարեվերջ, «Երեւանեան Հեռանկարներ» 12րդ երաժշտական միջազգային փառատօնը, հայաստանեան երաժշտասէր հանրութեան պիտի ներկայացնէ երաժշտութեան ասպարէզին մէջ համաշխարհային ճանաչում ունեցող տասը խումբ եւ մենակատար:
Նշենք, որ «Երեւանեան Հեռանկարներ»ը դասուած է աշխարհի ամենահեղինակաւոր փառատօներու շարքին: 12 տարիէ ի վեր, փառատօնը Հայաստան կը հրաւիրէ աշխարհի առաջնակարգ մենակատարներ եւ նուագախումբեր:
Սոյն փառատօնը կը կայանայ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: