ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Հրապարակ ելած է «Արաբ-Ամերիկեան Ալմանագ» հանրագիտարանի 6րդ հրատարակութիւնը, աշխատասիրութեամբ՝ միջազգային մամուլի շրջանակներու մէջ ծանօթ անուն դարձած, Երուսաղէմի ծնունդ, բախտը հայուհիի կապած հրապարակագիր եւ հրատարակիչ, գրող մտաւորական Ժոզէֆ Հայէքի, որուն հետ յաճախ սեղանակից ըլլալու, սրճելու եւ մեր ցաւերը կիսելու առիթը կ՛ունենանք Կիրակի առաւօտները, յաւարտ Ս. պատարագի, Հայ կաթողիկէ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահէն ներս։

Յոյն եւ Հայ կաթողիկէ քոյր համայնքները, անոր անուան եւ կատարած ամեհի գործին ծանօթ արաբ մտաւորականութիւնը, զանազան ասպարէզներու մէջ յաջողութիւն արձանագրած ծագումով արաբ հանրային գործիչները, որոնց գործունէութեան լայն տեղ յատկացուցած է Ժոզէֆ Հայէք իր հանրագիտարաններուն մէջ, Մայիս 7ին, մեծ հրճուանքով ողջունեցին հրապարակագիր եւ հանրագիտարաններու հրատարակիչ մեր բարեկամը, Նիւ Եորքի մէջ անոր ընծայուած, տասնամեակներու սեւ աշխատանքին ու նուիրումին պսակումը հանդիսացող «Էլիս Այլընտ»ի պատուոյ շքանշանի տուչութեան համար։
Եթէ անկեղծ գնահատական մը պիտի կատարենք մասնագիտականօրէն կազմուող ու հրատարակութեան յանձնուող Ալմանագներու շարքի վեցերորդ հատորին, ապա քաղաքական գետնի վրայ արաբ պետութիւններու ծոցէն ներս կատարուող յեղաշրջումներու դժուարին այս փուլին Ժ. Հայէքի հրատարակած հանրագիտարանները յատուկ նշանակութիւն եւ իմաստ կը զգենուն՝ յաչս օտար պետական շրջանակներուն։
Մարդ կը շշմի ու հիացական բացագանչութիւններ կ՛արձակէ՝ թերթատելով հանրագիտարանի նորագոյն հատորին 600 էջերը, հոն ընտելանալով արաբ ամերիկացիներու կատարած անգնահատելի ծառայութիւններուն՝ պետական, հանրային, առեւտրական, գիտական ու բժշկական բնագաւառներու մէջ ստանձնելով բարձրագոյն պաշտօններ։ Եւ այդ բոլորը ուժգին կ՛արտացոլան Հայէքի հանրագիտարաններուն մէջ։
Այո՛, մարդ կը շշմի տեսնելով կատարուած աշխատանքին տարողութիւնն ու գործադրուած բծախնդրութիւնը։ Մտաւորական մը առանձինն, նուիրումի ցարդ չհաւասարուած չափանիշով, արաբական դատին աւելի օգտակարութիւն կը բերէ, քան բոլոր լոպիիստները՝ միատեղ առած, անկախ վարձկաններու վրայ մսխուած միլիոնաւոր տոլարներէն։
Ժոզէֆ Հայէքի Ալմանագներուն բերած նպաստը արաբ ամերիկացիներուն յաճախ չհասկցուած դատին ու գոյութեան պայքարին՝ անգնահատելի է։
Ինչո՞ւ մեղքս պահեմ. ճիշդն ասած, իբրեւ ամերիկահայ համայնքի աշխոյժ ու գործօն մէկ անդամ, Ժոզէֆ Հայէքի իրագործած դրական ձեռքբերումը բարի նախանձս կը շարժէ, հակառակ այն իրողութեան, որ հայ մտաւորականութիւնը բոլորովին ձեռնածալ չէ նստած ամերիկահայ արժէքները օտարին ծանօթացնելու մարտահրաւէրին ընդառաջ:
Ժամանակին, Լա Վերնի հայկական քոլեճի նախագահը՝ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը, նախաձեռնեց նոյնանման հրատարակութեան մը՝ «Whos Who Among Armenian Americans» խորագիրին տակ։ Տէր Եղիայեանի հրատարակութիւնը լուրջ սկզբնաւորութիւն մըն էր՝ գովելի փորձ մը, սակայն տնտեսական պայմաններու բերումով ու մարդուժի չգոյութեամբ, իր յաջորդները չունեցաւ։
Իսկ ներկայիս ուրիշ հայ մտաւորական մը վերցուցած է ջահը, եւ ան, վերջերս, ամերիկահայ գրողներու եւ անոնց հրատարակած գործերու հայերէն համապարփակ ցանկը հրատարակեց՝ ցարդ նոյն հեղինակին կողմէ լոյս տեսած հինգ տարբեր թեմաներով հանրագիտարաններու կողքին։ Խօսքս Յովսէփ Նալպանտեանի մասին է, որ յաջորդաբար, թիւով վեց հանրագիտարաններ հրատարակեց կրքոտ նուիրումով մը՝ արհամարհելով խոչընդոտներն ու տնտեսական դժուարութիւնները։ Բոլորովին վերջերս, անհուն նուիրումով գիտաշխատող մտաւորականին օգտաշատ գործունէութեան նուիրուած գրախօսական մը լոյս տեսաւ «Ասպարէզ»ի թիւերէն մէկուն մէջ։ Կը մաղթենք նաեւ, որ Նալպանտեան անգլերէն լեզուով շարունակէ Տէր Եղիայեանին սկսածը:
Աւելի հեռուն չգացած՝ պէտք է բացայայտենք նաեւ, թէ այսպիսի մեծ ծրագիրներ, Ժոզէֆ Հայէքներու, Կարպիս Տէր Եղեայեաններու ու Յովսէփ Նալպանտեաններու վիզին պէտք չէ ծանրանան, այլ՝ կրթական մշակութային ու հայրենակցական միութիւններու գործնական աջակցութիւնը պէտք է վայելեն։ Յատուկ յանձնախումբ մը պէտք է կազմուի եւ թելեթոնով դրամահաւաք կատարուի՝ բարձրագոյն մակարդակով հանրագիտարանները հրատարակելու եւ ամերիկահայութեան իսկական դիմագիծը ի յայտ բերելու համար։ Իսկ այդ հրատարակութիւններէն նմոյշներ պէտք է նուիրուին օտար մամուլի խմբագրութիւններուն եւ քաղաքական ազդեցիկ ղեկավարութեան։
Մենք անձամբ ծանօթ ենք մեր բարեկամներու եւ ի մասնաւորի՝ Ժոզէֆ Հայէքի ու Յովսէփ Նալպանտեանի գերմարդկային ճիգերուն ու զոհողութեանց, ինչպէս նաեւ իրենց երախայրիքը հանդիսացող, տարիներու մտային լարում պահանջող օգտաւէտ ծրագիրները գլուխ հանելու համար դիմագրաւած անոնց դժուարութիւններուն։ Այսօր քսանմէկ պետութիւններէ բաղկացած, քարիւղատոլարներով յղփացող արաբական աշխարհը, իրականութեան մէջ նոյնքան ժլատ է իր պրպտող, զոհուող մտաւորական զաւակներուն աշխատանքը գործնականօրէն գնահատելու մէջ, որքան սփիւռքահայ բարերարներն ու կառոյցները։
Տնտեսական ամուր հիմերու վրայ դրուած հայկական հրատարակչականի մը բացակայութեամբ, հայ գրողներուն նոր ստեղծագործութիւնները երբեմն տասնեակ տարիներ անտիպ, բանտուած կը մնան անհիւրընկալ մութ պահարաններու մէջ, մինչեւ հրաշքով մը լոյս աշխարհ գալը։
Արդեօք որպէս գաղութ, ե՞րբ պիտի արթննանք մտային մեր թմբիրէն։
Մինչ այդ, կը շնորհաւորենք գրող մտաւորական մեր բարեկամը՝ զինք արժանի գտնելով ամէն գնահատանքի։