ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Ուրբաթ, Յունիս 3ին հաղորդած է, թէ Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան՝ Պոլիսէն առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածու Այտըն Այատըն, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան այցելած է։ Ան հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի հետ։ Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ հայ հոգեւորականներ։
Այտըն նշած է, թէ Թուրքիան պէտք է բոլոր քաղաքացիները իր գիրկը առնէ, առանց հաշուի առնելու անոնց կրօնական, լեզուական եւ ազգային պատկանելիութիւնը:
Աթեշեան արքեպիսկոպոս իր կարգին ընդգծած է, թէ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը հայ քաղաքացիներուն համար կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած է։