
ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսին հաւատացած, անով առաջնորդուելով՝ զինեալ պայքարի ուղին իբրեւ ճակատագիր ընտրած եւ մեր վրիժառու բազուկներուն հետեւելով նորօրեայ պայքարի անդրանիկ նահատակը հանդիսացած Պետիկ Ինճէեան, իր նահատակութենէն 35 տարի ետք, «հանգիստ հող մտաւ» Ուրբաթ, Մայիս 27ին, երբ Փարիզէն բերուած անոր աճիւններէն մաս մը թաղուեցաւ իր սիրեցեալ Այնճարի ազգային գերեզմանատան մէջ:
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, գերեզմանատան մէջ եռագոյնով եւ ՀՅԴի դրօշակով ծածկուած յուշակոթողին շուրջ համախմբուած էին Պետիկ Ինճէեանի հետ ապրած, զայն մօտէն ճանչցած անձեր, ինչպէս նաեւ անոր նահատակութեան պատգամով թրծուած ԼԵՄականներ, ՀՄԸՄականներ, պատանիներ ու երիտասարդներ:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, յուշակոթողին տակ զետեղուեցան Պ. Ինճէեանի աճիւնները, որոնք ծածկուեցան Պ. Ինճէեանի նահատակութեան վայրէն եւ Սարդարապատէն բերուած հողով: Այսպիսով, իսկական հանգիստ գտաւ Պ. Ինճէեան, որ զաւակն ու ծառան եղած էր այս գիւղին՝ իբրեւ տիպար ապրելով ու յիշուելով: Ապա տեղի ունեցաւ Արարատը, Դաշնակցութեան զինանշանը եւ Պ. Ինճէեանի լուսանկարը կրող յուշաքարին բացումը: ՀՄԸՄի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ հնչած նուագի կշռոյթին տակ, Այնճարի քաղաքապետին եւ ՀՅԴ ԼԵՄի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշաքարին առջեւ:
«Վէրքերով լի» երգի հաւաքական մեկնաբանութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ Պ. Ինճէեանի նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւնը:

Բացման խօսքը արտասանեց Խաժակ Հերկելեան, որ անդրադարձաւ սարդարապատեան ոգիով թրծ-ուած երիտասարդին, որուն լուռ նահատակութիւնը դարձաւ բոցավառ ջահ մը՝ մեր գոյապայքարի սրբազան երթին վրայ: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի անկախութեան 58րդ տարեդարձէն օր մը առաջ, պայթիւնով մը նահատակուած Պ. Ինճէեան իր նահատակութեամբ վերածուեցաւ անձնուիրութեան վառ օրինակի, որ կը շարունակէ դաստիարակել գիւղի պատանիներն ու երիտասարդները, որոնք պատրաստ են մերժելու թրքական քաղաքականութիւնն ու թրքաբարոյ երեւոյթները, պատրաստ են դառնալու Հայ Դատի զինուորներ, տէր կանգնելու Հայաստանին ու հերոսական Արցախին՝ իրենց սրտերուն մէջ միշտ ունենալով ամբողջական Հայաստանի տեսլականը:
Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած տեսաերիզ մը՝ Պ. Ինճէեանի կեանքը, տարած աշխատանքները, նկարագրային ուրոյն գիծերը, գործունէութեան տարբեր մարզերը, ինչպէս նաեւ նահատակութիւնը ներկայացնող:
Խօսք առաւ Մովսէս Թ. Հերկելեան, որ իր յուշերուն եւ տպաւորութիւններուն ընդմէջէն հարազատ կերպով գծեց պատանի ու երիտասարդ Պետիկի լուսաշող ու խորհրդանշական պատկերը:
Իրմա Տէտէեանի կողմէ ներկայացուած ասմունքէն ետք, օրուան պատգամը փոխանցեց Փիթըր Գարակէօզեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Պ. Ինճէեան տիպար դաշնակցականը՝ իր կեանքով ու նահատակութեամբ օրինակելի անձը: