ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Արփա» հիմնարկին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Յունիս 23ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403) տեղի պիտի ունենայ Հայկական Կիլիկիոյ նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ aմը եւ լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը:
«Հայկական Կիլիկիոյ հետքերով» ձեռնարկին բանախօսն է UCLA-ի մէջ Հայ կրթական հիմնարկութեան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ՝ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ պիտի փոխանցէ երկու տարի առաջ Կիլիկիա կատարած իր այցելութեան տպաւորութիւնները:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: