
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով, Ռապըրթ Պրատթքի եւ Պեռնար Ֆասիէ Յունիս 7ին, Ատրպէյճանէն հատելով սահմանը՝ ժամանեցին Լեռնային Ղարաբաղ:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, միջնորդներու մասնակցութեամբ Աղդամ-Բարդա ուղղութեամբ իրականացաւ դիտարկում մը, որուն ընթացքին հրադադարի խախտումներ չարձանագրուեցան:
Նոյն օրը, աւելի կանուխ, համանախագահները Ատրպէյճանի մէջ հանդիպած էին նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Ատրպեճանական լրատուամիջոցները կը գրեն, թէ համանախագահները քննարկած են ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Քազանի մէջ Յունիս 25ին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները:
Հանդիպումէն ետք, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով լրագրողներուն յայտնած է, թէ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է խաղաղապահ ուժերուն կապակցութեամբ, որոնք պիտի տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այդ ուժերը, ըստ Մամետեարովի, պիտի չըլլան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող կամ տարածաշրջանի երկիրներէն: Սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները կը նշեն, որ չկայ նման պայմանաւորուածութիւն, քանի տակաւին յստակացած չէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը:
Ղարաբաղցի քաղաքագէտ Մասիս Մայիլեան յայտնած է այն կարծիքը, թէ տակաւին կանուխ է խօսելու խաղաղապահ ուժերու մասին: «Պուտափեշտեան գագաթնաժողովի որոշումներով խաղաղարար ուժերը կարող են տարածաշրջան մտնել միայն այն դէպքում, երբ կը ստորագրուի քաղաքական պայմանագիրը, որը, ինչպէս գիտենք, ստորագրուած չէ», նշած է Մայիլեան։
Յիշեցնենք, որ Մայիս 26ին, ֆրանսական Տովիլ աւանին մէջ ընթացած «Մեծ Ութեակ»ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, Ռուսիոյ, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի նախագահները համատեղ յայտարարութիւն ընդունած էին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ՝ կոչ ընելով «քաղաքական կամք ցուցաբերելու եւ Յունիսին կայանալիք իրենց գագաթնաժողովին ընթացքին՝ աւարտին հասցնելու կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու շուրջ աշխատանքը»:
Համանախագահները այսօր պիտի հանդիպին ԼՂ ղեկավարութեան հետ, իսկ Երեւան պիտի մեկնին Յունիս 9ին: