ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ

Հիմա, որ մեր սիրտերու զգացական կաթսան սկսած է հետզհետէ մեղմանալ իր եռերումի թափին մէջ, կարելի է որոշ հանդարտութեամբ մը մօտենալ մեզի անհարազատ թուացող կարգ մը արտայայտութիւններու:
«Ասպարէզ»ի 19 Ապրիլի թիւին մէջ, Լեւոն Անանեան (Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահը) «Նամակ Թուրք Բարեկամիս» վերնագիրով յօդուած մը ունէր: Յօդուածը կարդալէ ետք ստիպուած զգացի կարգ մը խորհրդածութիւններ, շիտակ կամ սխալ, յանձնել հեղինակի եւ անոր ճամբով՝ նաեւ ընթերցողներու ուշադրութեան:
Առաջին կէտը, որ ուշադրութիւնս գաւեց, «բարեկամ»ի ընկալման այնքան մակերեսային երեւոյթն է: Ահա ապացոյց մը. «Այն ժամանակ (եւ հետագայ մեր հանդիպումներին) շատ բան չհասցրի ասել, բայց չասուած խօսքերը գուղձի պէս խցանում են կոկորդս, ուստի եւ գրում եմ այս նամակը որպէս խոստովանանք ու երկխօսութեան հրաւէր»:
Ինչպէ՞ս կարելի է մէկը բարեկամ անուանել, երբ առիթն իսկ չես ունեցած սրտէ սիրտ զգացական կապ մը հաստատելու անոր հետ եւ միտքերու, գաղափարներու փոխանակման ճամբով՝ զիրար քննելու, զիրար ճանչնալու: Հապա սա «խոստովանութի՞ւնը»… Պրն. Անանեան իր ո՞ր մեղքն է, որ կ՛ուզէ խոստովանիլ թուրք բարեկամին, չըսելու համար՝ խոստովանահօր. հաւանաբար հայ ըլլալու մեղքը, որովհետեւ ազատ շուկայական տրամաբանութեամբ, հայերը եթէ չըլլային, թուրքը զանոնք ջնջելով՝ ցեղասպան եղած պիտի չըլլար, եւ այսօր աշխարհը ազատ պիտի ըլլար Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը դիմագրաւելու տաղտուկէն:
«Խոստովանութեան» չափ եւ աւելի արտառոց է «երկխօսութեան հրաւէր»ը, որ ՀՀ նախագահին քաղաքական վարքագիծը արդարացնելու միտում կը հոտի: Այդ մասին քիչ ետք:
Երկրորդ հարցը, ո՛չ միայն ընդունելի չէ ինծի համար, այլ կը կարծեմ նախատինք է եւ ուրացում մեր վերջին կէս դարու Հայ Դատի պայքարին. «Գրում եմ, որպէսզի թօթափեմ յիշողութեամբ պարտադրուած ատելութիւնը, սրբեմ-աղբանոց նետեմ իւրաքանչիւր թուրքի մէջ իմ ժողովուրդի թշնամուն տեսնելու կանխադրոյթը, որ չի լքում մեզ շուրջ 100 տարի: Ճիշդ այդքան ժամանակ է, ինչ մենք ներկան ապրում ենք անցեալի մէջ, բայց պիտի լայնախոհութիւն դրսեւորենք. գոնէ ապագան ազատագրելու այդ նոյն մղձաւանջից»:
Պրն. Անանեանը կ՛ուզէ սրբել-աղբանոց նետել իր մէջ յիշողութեամբ պարտադրուած՝ թուրքին մէջ իր ժողովուրդի թշնամին տեսնելու կանխադրոյթը: Պրն. Անանեան բացարձակապէս ազատ է իր մէջի աղբը իր մէջ պահելու կամ աղբանոց նետելու: Բայց մէկ բան յստակ պէտք է իմանայ, որ հայ ժողովուրդի սիրտին եւ միտքին մէջ կանխադրոյթներ չկան: Հայ ժողովուրդի սիրտին մէջ, արդարօրէն, կայ միայն կսկիծ ու տառապանք, որ ոչ թէ աղբանոց պէտք է նետուի, այլ անով է որ պէտք է սնանի մեր կեանքը. ա՛ն է, որ մեր պայքարին գրգիռ ու խոյանք կու տայ, ան է, որ 100 տարի պահեց մեզ՝ իբր ազգ: Թուրքին մէջ թշնամի տեսնելը պատմութենէն պարտադրուած տեղեկութիւն չէ, այլ անիրաւուած զգալու խորունկ ապրում, հայրենազուրկ մարդու պահանջատիրութիւն, զօրաւորին առջեւ չստրկանալու արիութիւն. իր անձնական «ես»ը, դիրքը, հանգստաւէտութիւնը՝ յանուն ազգին արհամարհելու հրաւէր, որուն, դժբախտաբար, անկամներն ու թոյլ մէջքով մարդիկ անատակ են ընդառաջելու: Մեր նահատակներուն կտակը կատակի չվերածենք:
Անցեալը մեզի համար «մղձաւանջ» չէ, որմէ կ՛ուզենք ազատիլ. անցեալը մեր պատգամախօսն է, մեր զգօնութեան, սթափութեան ահազանգը, եւ որպէսզի մեր ապագան ազատագրուի թրքական խարդախութիւններէն, Աստուծոյ ձայնին պէս ականջալուր պէտք է ըլլանք անցեալի ձայնին: Դուք էք, որ կը գրէք. «Այսօր իրերն ու երեւոյթները իրենց անուններով կոչելու ժամանա՛կն է, ոչ թէ բարոյական խրատներ կարդալու»: Ապրի՛ք: Իրերն ու երեւոյթները այսպէս են. թուրքը մեզ քշած է մեր երկրէն, ծրագրուած ձեւով կոտորած է մէկ ու կէս միլիոն հայ, տիրացած է մեր հայրենիքին եւ մեր անհաշուելի հարստութեան, մեզ ոչնչացնելէ ետք ոչնչացուցած է մեր հոգու նիւթեղէն պատկերը եւս, որպէսզի ոչ մէկ հետք մնայ մեզմէ: Այսօր անամօթաբար ու լկտիօրէն, օր ցերեկով, յանուր մարդկութեան առջեւ կ՛ուրանայ իր յանցանքը եւ ամէն վայրկեան առիթի մը կը սպասէ՝ ջնջելու համար Հայաստանի փոքրիկ հանրապետութիւնը, ի հաշիւ համաթուրանական իր մեծ ծրագիրին: Այս բոլորը եթէ ճիշդ չեն, հաճեցէ՛ք շտկել, իսկ եթէ ճիշդ են, թուրքը եթէ մեր թշնամին չէ, ապա ի՞նչ է՝ բարեկա՞մ, բարի դրացի՞… շնորհաւոր ըլլայ:
Շատ յարգելի պրն. Անանեան, ձեր յօդուածին մէջ ամբողջական ձեւով եւ երբեմն արուեստի նրբութիւններով ներկայացուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու անոր հետեւանքները հայ մարդու միտքին ու հոգիին վրայ: Այդ բոլորէն ետք, ձեր ձեռքը չդողաց, երբ ուզեցիք գրել. «Ուրեմն մի՛ յապաղէք վաւերացնել Հայ-թրքական արձանագրութիւնները, որի նախաձեռնողը ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանն է»: Ո՛չ, պրն. Անանեան, նախաձեռնողը՝ միջազգային բարձր քաղաքականութիւնն է, այլապէս ո՞ւր մնացին «խղճամիտ ժամկէտ»ները եւ «տեսանելի գալիք»ները: Ինչո՞ւ ՀՀ նախագահը, ըստ իր խոստումին, չեղեալ չի նկատեր արձանագրութիւնները, այլ հակառակը, առիթ չի փախցներ յիշեցնելու, որ պատրաստ է շարունակելու գործընթացը, երբ թրքական կողմը փափաքի նոյնը ընել: Որովհետեւ իր ձեռքերը կաշկանդուած են: Թերեւս կան Հայ-թրքական արձանագրութիւններ, բայց չկա՛յ հայ-թրքական բարեկամութիւն, որովհետեւ Սփիւռքը իր ըսելիքը ըսաւ պրն. նախագահին՝ ցոյցերով, բողոքի արտայայտութիւններով՝ բերանացի թէ գրաւոր: Պրն. նախագահը հայաստանաբնակ հայութեան կարծիքը կրնայ իմանալ հանրաքուէով մը, ինչ որ կ՛ընեն քաղաքակիրթ ազգերը նախքան այսպիսի անկիւնադարձային որոշումներ առնելը, եթէ ժողովուրդին կարծիքը արժէք մը ունի իրեն համար:
Ինչպէ՞ս կարելի է երկխօսութեան հրաւէր կարդալ դահիճին, որ իր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ ունի իր ուրացողի կեցուածքը ընդունելի դարձնել միջազգային հանրութեան: Մենք թուրքերէն ողորմութիւն չէ որ կը խնդրենք, մենք պահանջատէր ենք, ոչ՝ շնորհախնդիր: Այդ արձանագրութիւնները թերեւս ոմանց ապագան «կ՛ազատագրեն անցեալի մղձաւանջից», բայց անոնք հայ ժողովուրդին ապագային կառափնատը եթէ չեն, առնուազն գառագեղն են: Եկէք լրջօրէն մտածենք հետեւեալին մասին. այնքան ատեն, որ թուրքերը չեն ճանչցած իրենց գործած ցեղասպանութիւնը եւ կը մերժեն ընդունիլ իրենց պարտքը եւ վերադարձնել մեր հողերը, ապա այն հայերը՝ ըլլան նախագահ, կաթողիկոս, կուսակցապետ, նախարար կամ հասարակ քաղաքացի, որոնք բարեկամութեան ձեռք կ՛երկարեն Թուրքիոյ, իրաւունք ունի՞ն Ծիծեռնակաբերդ կամ աշխարհի որեւէ անկիւն գտնուող նահատակաց յուշարձան երթալու, մեր մեռելներու յիշատակին ծաղիկ դնելու, մոմ վառելու կամ խունկ ծխելու:
Մեր մեռելներուն յիշատակը թող անեղծ եւ օրհնութեամբ մնայ մեր միտքին ու հոգիին մէջ:
–Լեւոն Անանեան
Paron Trtrean, zavok srti, hangamanknern u iravichakner@ tarber erangavorumner en stanum mijavajri popokhutjuniz. Im anznakan orinakov u kensakan porzutjamb karogh em miajn hastatel, te paron Ananyani pataskhan@ aveli lav haskanalu hamar petk e erkarajamket shpumner unenal Hajastani hasarakutjan hatkapes anapahov hatvazi het, tesnel ajn dar@ hazi khndiry, vori mej @nkghmvaz e mer joghovrdi zgali hatvazy.Inchkan e mer gorzuneutjun@ ev mer ogtakarutjun@ mer hajrenakiznerin ajd iravijakiz durs berelu gorzum, es chgitem. Haj mard@ Hayastanum parzoren gitakzum e Mez Egherni zarhureli u anmardkajin eutjun@, dari amenasoskali hanzagorzutjun linelu past@, hetaga zeghaspanutjunner@ (Holocost ev ajln), nra anpatjeliutian anmijakan hetevank linel@. Ajs amen@ iroghutjun e, vor@ apazuzman karik chuni. Tarberutjun@ miajn nranum e, vor menk mer zajrujtn enk artahajtum trkakan anpatkar ev lkti kaghakakanutjan dem, aprelov apahov ev inknagoh mi hasarakutjan mej, aranz orhasakan, keghekich hazi khndri, shrjapatvaz mshtakan pokr, mijin kam mez ekamti aghbjurov.Mtorek kndrum em ajd masin. Miguze Turkiaji het sahmani bazum@ ev tntesakan kaperi hastatum@ petakan herates verahskoghutjan depkum voroshaki barepokhumner beri mer azgajin tntesutjan@. Menk lav gitenk naev, vor chmeghanchaz meghsagorz@ ir hanzank@ krknelu hnaravorutjun e pntrum…
Harganknerov Gegham Mikayelyan
Bielefeld Germania