ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Դժուար է երեւակայել, թէ դահիճը օր մը, ճակատագիրի մէկ հաճելի խաղով մը, պիտի փափաքի ինքնութիւնը փոխել ու ստանձնել իր զոհին ինքնութիւնը: Հրեայ դարձած գերմանացի նացին, որքա՛ն տարօրինակ կրնայ թուիլ, նոյնքան այլանդակ է նաեւ հայանալ փափաքող թուրք իթթիհատականը:
Անոնցմէ շատ հեռու չի կրնար ըլլալ միայն քսանամեակ մը առաջ իր երկրին մէջ հայերու սպանդին ու տեղահանութեան մասնակցած ատրպէյճանցին, որ կ՛ուզէ ինքնութիւնը փոխելով՝ հայ դառնալ, պարզապէս՝ Ատրպէյճանէն փախուստ տալու համար:
Սակայն, ըստ երեւոյթին, այս բոլորը երեւակայական աշխարհին չեն պատկանիր, եւ ինչպէս «Մարմարա» իր Հինգշաբթի, Յունիս 9ի թիւով կը հաղորդէ, ատրպէյճանցիներ այս միջոցը որդեգրած են Եւրոպա եւ յատկապէս Ֆրանսա ապաստանելու համար, շատ հաւանաբար, որովհետեւ Ֆրանսայի իշխանութիւնները, ատրպէյճանցիներէ աւելի՝ հայ ներգաղթողներու տեղ կու տան:
Ստորեւ՝ «Մարմարա»ի լուրը.
«Վերջին տարիներուն բազմաթիւ ատրպէյճանցիներ լքած են իրենց երկիրը ու բնակութիւն հաստատած եւրոպական երկիրներու մէջ։
Անոնց մէջ կան Ատրպէյճանէն ներս յայտնի անձեր՝ գիտնականներ, արուեստագէտներ եւ այլախոհներ, որոնք կը խուսափին քաղաքական հետապնդումներէ։ Ատրպեճանական լրատուական կայք մը կը հաղորդէ, թէ արտագաղթած ատրպէյճանցիներու խումբ մը Եւրոպա կ՛ապրի հայու անուան տակ։
Միայն Ֆրանսայի մէջ, այդպիսի 100 ընտանիքներ կան։ Արտասահման ապրող ատրպէյճանցի մը ըսած է, որ Հատիէյ անունով կին մը կը զբաղի ատրպէյճանցիներ Ֆրանսա փոխադրելու գործով։
Ան մեծ գումարներու փոխարէն, հայկական ծննդեան կեղծ վկայականներ կ՛ապահովէ արտագաղթել փափաքող ատրպէյճանցիներուն, որոնք անոնց գործածութեամբ՝ կ՛ապաստանին Ֆրանսա:
Հատիէյի յաճախորդներուն մէջ կան յայտնի բազմաթիւ մարդոց ազգականները։ Կը նշուին Ատրպէյճանի մէջ յայտնի ջութակահար Քեամիլի եղբօր եւ «Քափիթալ» դրամատան յայտնի պաշտօնատարներէն Մամատ Սատրետինովի դստեր՝ Նիկեարի անունները։ Ի դէպ, ատրպեճանական աղբիւրներու համաձայն, Նիկեարը Ֆրանսա կ՛ապրի Նելլի Բաբայեան անուան տակ։ Նոյնիսկ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու ազգականները հայկական կեղծ ինքնութեամբ կը հաստատուին Եւրոպա։