
ԵՐԵՒԱՆ.- «Ճանաչիր քո երկիրը» երիտասարդական նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ «Մաքրենք հնավայրերը ժամանակակից աղբից» շարժումը: Յունիս 14ին, նախաձեռնութեան անդամները այցելած են Վայոց Ձորի մարզի Գնդեվանք համալիրը եւ մաքրած են անոր շրջակայքը:
Ըստ նախաձեռնութեան անդամներուն, Գնդեվանքը աչքի կը զարնէ իր անմխիթար վիճակով, իսկ Մայր աթոռը կը մերժէ Հայաստանի տարածքին գտնուող ու չգործող հարիւրաւոր եկեղեցիներ իր խնամքին տակ վերցնել, մշակոյթի նախարարութիւնն ալ, իր կարգին, նիւթական միջոցներու պակասը պատճառաբանելով՝ կը մոռնայ քրիստոնէական յուշարձաններու պահպանման իր անմիջական պարտականութիւնը…