
ԼՈՆՏՈՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Յունիս 15ին, Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի ուղեկցութեամբ, աշխատանքային այցով ժամանեց Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն, ուր օրուան առաջին կիսուն հանդիպում ունեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Լոնտոն ժամանած հայ գործարարներու հետ:
Հանդիպման ժամանակ, Տ. Սարգսեան համոզում յայտնեց, որ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ ապրող հայ գործարարներու հետ շփումները թոյլ կու տան պատկերացում կազմելու, թէ ի՛նչ հնարաւորութիւններ ունի հայ ժողովուրդը մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար:
«Գիտենք, որ այսօր բաւականին լուրջ մարտահրաւէրների առաջ ենք կանգնած: Խօսքը ոչ միայն Հայաստանի հանրապետութեան, այլեւ ողջ հայ ազգի մասին է: Ես համոզուած եմ, որ մենք կարող ենք միասին մտածել, թէ ի՛նչ համատեղ ծրագրեր կարող ենք իրականացնել», նշեց ՀՀ վարչապետը:
Գործարարներու հետ հանդիպումէն ետք, Տ. Սարգսեան մեկնած է բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» կայանը, եւ հարցազրոյց ունեցած է գործակալութեան ռուսական ծառայութեան հետ, որմէ ետք ներկայ եղած է Մեծն Բրիտանիոյ արքայազն Չարլզի եւ ՀՀ նախկին վարչապետ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնած բարեգործական երկու ծրագիրներուն՝ «Երեւա՛ն, իմ սէր» եւ Սկովտիոյ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող «Տամֆիս» դղեակի պահպանման նախագիծերուն, նուիրուած ընդունելութեան ու համերգին:
Արքայազն Չարլզ եւ Արմէն Սարգսեան միասին աջակցած են նշեալ երկու ծրագիրներուն: Շարունակելով այս երկու ծրագիրներուն համար «Ուինտսըր» պալատին մէջ նախորդ տարի կայացած արդիւնաւէտ դրամահաւաքը՝ այս տարի նոյնպէս դրամահաւաք տեղի պիտի ունենայ «Պաքինկհամ» պալատին մէջ:
«Երեւա՛ն, իմ սէր» նախագիծին նպատակը Հայաստանի մայրաքաղաքի պատմամշակութային ժառանգութեան վերականգնումն ու պահպանումն է: Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՀ նախկին վարչապետ Արմէն Սարգսեան, որ այժմ Լոնտոն կը բնակի, նշած է, թէ իրենց նպատակը ոչ միայն պատմական արժէք ունեցող շէնքերու պահպանութեան ու վերականգնման նպաստելն է, այլեւ՝ այդ շէնքերուն մէջ «ունենալ սոցիալական իմաստ ունեցող հիմնարկներ», որոնք պիտի ծառայեն նիւթական խնդիրներու առաջ կանգնած ընտանիքներու եւ ծնողազուրկ երեխաներու:
«Ինձ համար շատ ցաւալի է, երբ մենք առանց գիտակցելու, ձեռք ենք բարձրացնում այս կամ այն ազգային արժէքի վրայ: Եթէ այդպէս վարուէին այստեղ՝ Անգլիայում, շատ գեղեցիկ կառոյցներ, ինչպէս, օրինակ, փառլամէնթի շէնքը, չէր լինի, եւ նրա փոխարէն կը լինէր ինչ որ երկնաքեր: Երեւանը երեք հազար տարուան քաղաք է, բայց քանի՞ շէնք ունենք, որ ունեն երեք հարիւր տարուան պատմութիւն», ըսած է Արմէն Սարգսեան:
«Երեւա՛ն, իմ սէր» ծրագիրի ծիրէն ներս, Երեւանի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ շրջակայքը արդէն սկսած է առաջին երեք շէնքերու կառուցումը. շէնքերէն մէկը մօր եւ մանկան կեդրոն է, միւսը՝ դարմանատուն՝ խուլ եւ համր երեխաներու համար, երրորդը՝ մանկապարտէզ՝ կարիքաւոր ընտանիքներու երեխաներու համար: Ա. Սարգսեան նշած է նաեւ, որ Յունիսի վերջաւորութեան ինք պիտի այցելէ Երեւան եւ քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի հետ տեղւոյն վրայ քննարկէ, թէ ի՛նչ շէնքեր պիտի կառուցեն հետագային, «Երեւան, իմ սէր» ծրագիրի ծիրէն ներս:
Իր կարգին, Կ. Կարապետեան նշած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանը ամէն ձեւով պիտի աջակցի ծրագիրին. «Սա շատ լաւ գաղափար է, եւ նրա շուրջ կարելի է ծաւալել լուրջ փիլիսոփայութիւն», ըսած է ան: