ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Յունիս 15ին ընդունած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայր Պօղոս Գոճանեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 200ամեակին նուիրուած յոբելինական այն հանդիսութիւններուն ցանկը, որոնք պիտի կազմակերպուին Երեւանի մէջ այս տարի:
Քննարկումներուն արդիւնքով ձեռք բերուած են յստակ պայմանաւորուածութիւններ: