ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

«Մարմարա»ի մէջ վերջին երկու օրերուն լոյս տեսած երկու անջատ լուրեր ցոյց կու տան, թէ Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ ծայրայեղ պահպանողական ու ազգայնամոլ շրջանակներուն հակադրուող շրջանակը, աստիճանաբար կը շարունակէ իրականութիւնները եւ իր կարծիքները անվախօրէն արտայայտել: Սակայն, պետական հովանաւորութիւն վայելող, ուրացման քաղաքականութեան ջատագով պահպանողականներուն, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները իբրեւ ողորմութիւն անոնց տալու վարքագիծը վարող կառավարութեան դէմ դնելու պատրաստ այս մտաւորականները, տակաւին շատ փոքրաթիւ կը մնան:
Արդարեւ, մէկ կողմէ Ալանիա նահանգի մէջ գործող «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն»ը, Հինգշաբթի օր որոշած է Ալանիոյ մէջ բանալ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին «հայ ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուած 258 ալանիացի նահատակներու ի յիշատակ» յուշարձան մը, իսկ միւս կողմէ՝ «Ռատիքալ» թերթի Ուրբաթ, Յունիս 17ի թիւին մէջ, յօդուածագիր Օրհան Քեմալ Ճենկիզ ստորագրած է հետաքրքրական յօդուած մը, ուր «նոր Թուրքիա» կերտելու հրամայականներէն մէկը կը նկատէ տեսնել յոյն հայրենակից մը, որ զօրավար կրցած է ըլլալ Թուրքիոյ մէջ, կամ հայ հայրենակից մը, որ կրցած է հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ: Ճենկիզ դիտել կու տայ, որ Թուրքիոյ մէջ մեծաթիւ պատնէշներ փուլ եկած են, բայց տակաւին կը մնան արգելքներ, որոնք չեն յաղթահարուած եւ որոնց պատճառաւ կարելի չէ ըսել, թէ Թուրքիոյ մէջ իրականացած է լրիւ ժողովրդավարութիւն։
Յանձնարարելի է, որ Ալանիոյ մէջ գործող միութիւնը նշեալ յուշարձանին համար իր ծախսելիք 281 հազար լիրան (մօտաւորապէս 177,000 տոլար) տրամադրէ երկրին մէջ ժողովրդավարական կարգերը զօրացնելու նպատակներով, ու դադրեցնէ պատմութիւն խեղադիւրելու անիմաստ փորձերը:
Աւելի անդին երթալով ու երկու թռչուն մէկ քարով զարնելով՝ միութիւնը կրնայ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան մը կառուցել, ինքզինք վերակոչելով «Թրքական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն»: