
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորս ամսուան երկար խորհրդակցութիւններու ու բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք, վերջապէս Լիբանանի մէջ կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն մը՝ բաղկացած երեսուն նախարարներէ: Հայ ուղղափառ համայնքը ներկայ կառավարական կազմին մէջ կը ներկայացնեն Վրէժ Սապունճեանը եւ Փանոս Մանճեանը:
Չորեքշաբթի առաւօտ, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորութեամբ, երկու նախարարները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառին: Վեհափառ հայրապետը նախ շնորհաւորեց երկու նախարարներուն նշանակումը եւ իրենց ուշադրութեան յանձնեց երեք կէտեր.
« ա) Ճիշդ է որ ձեր անունները առաջարկուեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ, սակայն դուք ձեր գործունէութեան ու ծառայութեան մէջ պէտք է ներառէք ամբողջ Լիբանանի հայութիւնը՝ առանց խտրութեան: բ) Դարձեալ ճիշդ է որ ներկայ կառավարութիւնը քաղաքական մէկ ուղղութիւն մը կը ներկայացնէ, սակայն հայ համայնքը պէտք չէ կողմի մը հետ ամբողջութեամբ նոյնանայ, այլ գործակցի բոլոր կողմերուն հետ՝ ամբողջական Լիբանանի շահերը վեր նկատելով կուսակցական կամ համայնքային շահերէ ու նկատումներէ: գ) Լիբանանի հայութիւնը միշտ գնահատուած է բոլորին կողմէ՝ բարոյական արժէքներուն ու սկզբունքներուն կառչած ըլլալով: Ներկայ ընկերութեան մէջ հետզհետէ ծաւալող շահագործումներէ ու չարաշահումներէ պէտք է վեր մնան մեր համայնքի զաւակները ու ներկայացուցիչները: Հո՛ս է մեր իւրայատկութիւնը, վարկը եւ հզօրութիւնը», շեշտեց հայրապետը:
Երկու նախարարները յայտնեցին, թէ իրենք ամբողջական նուիրումով պիտի ծառայեն Լիբանանի հայութեան ու հետապնդեն համայնքին իրաւունքը: