
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Իրենց ծրագրուած ժամանակացոյցով, Նաւասարդեան անունը կրող եզակի նախաձեռնութիւնը, այլ խօսքով՝ աւանդական դարձած մարզախաղերը, որոնք այս տարի կը թեւակոխեն իրենց 36րդ տարին, աշխուժութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ կը շարունակուին:
Յիշեցման կարգով յայտնենք, որ այս խաղերը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցան Կիրակի, 15 Մայիս, 2011ին, Birmingham High School-ի (17000 Haynes St. Van Nuys, CA) մարզադաշտին վրայ:
8 տեսակի այս մարզախաղերուն կը մասնակցին Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի ընտանիքի 18 մասնաճիւղերէն աւելի քան 3500 մարզիկ-մարզկուհիներ՝ հետեւեալ ստորաբաժանումներով.
– Պասքեթ՝ 221, ոտնագնդակ՝ 35, վոլիպոլ՝ 10 խումբեր.
– Թեթեւ աթլէթ՝ 75 մասնակից, լող՝ 75, ճատրակ՝ 40, թենիս,՝ 40, փինկ-փոնկ՝ 80:
Խաղերը տեղի կ՛ունենան բացման թուականէն ի վեր, ամէն շաբաթավերջ, Հովիտի Birmingham High School-ի, Կլենտէյլի ՀՄԸՄ «Արարատ»ի ու Pacific Community Center-ի, Փասատինայի City College-ի եւ Հոլիվուտի Ազգ. Ալէք Փիլիպոս վարժարանի մարզադաշտերուն վրայ, հսկողութեամբ հայ եւ օտար իրաւարարներու, ՀՄԸՄի շրջանային ու մասնաճիւղային մարզական պատասխանատուներու եւ խումբերու մարզիչներու:
ՄԱՐԶԻՉՆԵՐՈՒ
ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ
Այս մարզախաղերուն նախօրեակին, գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է որ Շրջանային վարչութեան մարզական խորհուրդը ծրագրուած ձեւով կազմակերպէ մասնաճիւղերու բոլոր մարզիչներուն եւ փոխմարզիչներուն յատուկ միօրեայ սեմինար մը, որուն ընթացքին ներկաներուն կը բացատրուի խաղերուն եւ յատկապէս պասքեթի օրէնքներն ու խաղի կերպը:
Այս մարզախաղին վերջին նորութիւնները փոխանցող գործնական սեմինարը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 1ին, Կլենտէյլի Pacific Community Center-ի մարզադաշտին վրայ, ներկայութեամբ 125 մարզիչներու:
«Coachs Clinic» պիտակին տակ սոյն սեմինարին իբրեւ դասախօսներ հրաւիրուած էին UC Ըրվայնի համալսարանի տղոց պասքեթի խումբի գլխաւոր մարզիչ Ռասըլ Թըրնըր եւ Pasadena City College-ի աղջիկներու խումբի գլխաւոր մարզիչ Ճօ Փըրոն, իսկ սեմինարը վարեց Արեգ Գէորգեան:
Հիւր երկու օտար մարզիչներն ալ, հիմնուելով իրենց տարիներու փորձառութեան վրայ՝ ՀՄԸՄի խումբերու մարզիչներուն փոխանցեցին պասքեթի կեանքէն զանազան «թեքնիք»ներ, իրաւարար-մարզիչ փոխյարաբերութենէն մինչեւ խումբերու մեծ ու փոքր մարզիկներու մօտ առողջ մթնոլորտ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, նոր օրէնքներ, գործնական ձեւեր, մօտեցումներ եւ մատնանշումներ եւ այլն:
Այս սեմինար աշխատանիստին իր բաժինն ալ բերաւ Արեգ Գէորգեանը, որ շեշտեց խաղերու ընթացքին համերաշխ մթնոլորտի էականութիւնը եւ օրէնքներու ու կանոններու արդար գործադրումը, մանաւանդ՝ մարզական ոգիով ու ՀՄԸՄականի վայել ընթացքով խաղալու անհրաժեշտութիւնը:
Աւելի քան չորս ժամեր տեւող այս սիմինարի աւարտին, իւրաքանչիւր մասնակից մարզիչի տրուեցաւ յատուկ վկայագիր, որ ի զօրու է միայն մէկ տարուան համար եւ որուն շնորհիւ միայն պիտի կարենայ իր խումբը խաղերուն առաջնորդել կամ մասնակից դարձնել:
Յայտնենք, որ 7 շաբաթավերջերուն եւ վերջին՝ աւարտական խաղերը, կը սկսին ամէն Շաբաթ օրերը, կէսօրէն մինչեւ գիշերուան ժամը 10, իսկ Կիրակի օրերը՝ առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ գիշերուան 10ը:
Անցեալ շաբաթավերջին սկսան լողի եւ թեթեւ աթլէթի մրցումները, որոնք տակաւին պիտի շարունակուին:
Յիշեցման գծով յայտնենք, որ Մայիս եւ Յունիս ամիսներու շաբաթավերջերուն, մարզական միջ-մասնաճիւղային մրցումները պիտի շարունակուին վերեւը նշուած մարզադաշտերուն վրայ:
Յաղթանակի պարահանդէսը պիտի կայանայ Շաբաթ, 25 Յունիս, 2011ին, CBS Studios, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ: Իսկ Նաւասարդեան չորսօրեայ փառատօնը պիտի սկսի Հինգշաբթի, 30 Յունիսին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 3 Յուլիս՝ հետեւեալ յատագիրով.
Birmingham High School (17000 Haynes St. Van Nuys, CA) մարզադաշտին վրայ՝
– Հինգշաբթի, 30 Յունիս, 2011, կէսօրէն ետք ժամը 4էն մինչեւ կէս գիշեր.
Ելոյթ կ՛ունենայ Գառնիկ Սարգիսեան.
Տեղի պիտի ունենայ նաեւ աւանդական դարձած հրավառութիւն:
– Ուրբաթ, 1 Յուլիս, 2011. կէսօրէն ետք ժամը 4էն մինչեւ կէս գիշեր.
Ելոյթ կ՛ունենան երգիչ Վաչէ եւ հանրայայտ երգիչներ:
– Շաբաթ, 2 Յուլիս, 2011. առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ կէս գիշեր.
Ելոյթ կ՛ունենան Գառնիկ Սարգիսեան եւ հանրայայտ երգիչներ, որոնց անունները օրին պիտի յայտարարուին:
– Կիրակի, 3 Յուլիս, 2011. առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ կէս գիշեր.
Տեղի պիտի ունենայ աւանդութիւն դարձած փառայեղ տողանցք եւ շքեղ հրավառութիւն: Պիտի յանձնուին Նաւասարդեան մարզախաղերու ախոյեաններուն բաժակները:
Յիշենք նաեւ, որ փակման հանդիսութենէն ետք պիտի շարունակուի խրախճանքը երգիչ Յարութ Փամպուքեանի խանդավառ երգերով:
Մինչ մարզադաշտին շուրջը, ամէն տարուան նման, մասնաճիւղեր իրենց յատուկ կրպակներէն ներս պիտի վաճառեն բազմատեսակ ճաշակներ գոհացնող համեղ ուտելիքներ եւ ուտեստեղէններ, զովացուցիչ, ջուր, սուրճ եւ պաղպաղակ:
Վերեւը նշուած թիւերէն մեկնած՝ կրնանք ըսել նաեւ, թէ ՀՄԸՄի դրօշին ներքեւ ամէն տարի նոյն նախաձեռնութեան առթիւ կազմակերպուած մարզախաղերը մեծ յաջողութեամբ կը պսակուին. անոնք անօրինակ խանդավառութեան եւ ազգային հպարտութեան անմոռանալի պահեր կը ստեղծեն մեր բոլորին սիրտերուն մէջ: Կ՛ակնկալուի գաղութի հայութեան հոծ ներկայութիւնը այս եւ յատկապէս չորսօրեայ փառատօնին, որպէսզի իր կարգին իւրաքանչիւր հայ անհատ բաժնեկից դառնայ ստեղծուած հպարտանքին ու խինդին:
Նաւասարդեան մարզախաղերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, կարելի է դիմել www.NavasatianGames.com կայքէջին, կամ հեռաձայնել 1-855-NAVASARtian ձրիօրէն տրամադրուած թիւին: