
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 17ին ընդունած է ՀՀ Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ուժանիւթի ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի փոխգործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Կողմերը անդրադարծած են բնագաւառին մէջ համագործակցութեան լուրջ ներուժի առկայութեան եւ զայն արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու անհրաժեշտութեան: